Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (17 Հոկտեմբեր 2018)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Հիլտա Ետալեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Ռիթա Ետալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մարք եւ Վիվիան Ետալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Քարլա Միթիլեան եւ զաւակը
Տիկին Վերժին Ետալեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Նազարէթ եւ Լիտիա Աբրահամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Բասգալ եւ Լարա Զեքեան
Օրդ. Աստղիկ Ետալեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Սրբուկ Ետալեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Պերճուհի Ետալեան (Միացեալ Նահանգներ)
Ետալեան եւ Մասոյեան ընտանիքներ
Պէքարեան եւ Միթիլեան ընտանիքներ
Թոսունեան եւ Մերճանեան ընտանիքներ
Այվազեան եւ Ակիլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, հօրեղբօր, մեծ հօր, աներոջ եւ հարազատին`

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵՏԱԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1944-ին)

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2018-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսըր՝ չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, իսկ հինգշաբթի, 18 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Գիւտ խաչի կիրակին, եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնն է:

Այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին ոչխար նուիրել կամ մասնակցիլ նիւթական նուէրով, թող բարի ըլլան կապ պահել թաղականութեան քարտուղարութեան հետ: Հեռ. 01-981102/3, ամէն օր ժամը 8:30-1:00:

Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Արժանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան եւ ընտանիքի անդամներ, խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին, թեմի քահանայից դասուն, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ միաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, հեռաձայնով եւ այլ միջոցներով բարի ապաքինում մաղթեցին Տ. Մեսրոպ քահանային` անոր վիրաբուժական մեծ գործողութեան մը ենթարկուելուն առիթով:

—————————————

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Զալքա, 137 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ + կառատուն: Հեռ. 01-241636 (առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00) կամ 71-647181 (կէսօրէ ետք):

—————————————

 ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Սեդա Փամպուքեանի մահուան 5-րդ տարելիցին առիթով`

Տիկին Վելմա Էքմեքճի-Հերմեզ կը նուիրէ 500$ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին:

—————————————


Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`

Յակոբ Կիւլոյեանի մահուան Բ. տարելիցին առիթով`

Տիկին Յասմիկ Մարկոսեան 50.000 լ. ո.

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

 15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>