ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ներսէս Աբրահամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւետիս Աբրահամեան
Տիկին Նորա Պրունսուզեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Ժոզեֆ Պաշեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Սրբուհի Թաշճեանի ընտանիք
Տիկին Հռիփսիմէ Նազարեան եւ զաւակունք
Աբրահամեան եւ Պաշեան ընտանիքներ
Պրունսուզեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ
Նազարեան եւ Տէր Գէորգեան ընտանիքներ
Պոստանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱՇԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Էշրեֆիէի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սրբոյ կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Թահուիթայի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 եւ ուրբաթ, 4 դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Գալին Հալաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովակ եւ Թալին Քիւրքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Քարլա Եսայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Քարլա Բիրանեան եւ զաւակունք
Տիկին Նելլի Գաբրիէլեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Զարուկ Տորսոնեանի ընտանիքը
Հալաճեան եւ Բիրանեան ընտանիքներ
Գազանճեան եւ Քիւրքճեան ընտանիքներ
Եսայեան եւ Գաբրիէլեան ընտանիքներ
Տորսոնեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՍՈՆԻԱ ՀԱԼԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԲԻՐԱՆԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2015-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 4 եւ շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————————————————-
ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Սիլվա Գազանճեաններ
բախտաւորուած են երկրորդ մանչ զաւակով մը`
ԴՐԱՍՏԱՄԱՏ
երկուշաբթի, 30 նոյեմբեր 2015
Պէյրութ
—————————————————————————-
Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Գրիգոր Իսրապեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի`
ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութիւն 100.000 լ. ո.
Սիմիթեան շէնքերու «Ռիվիերա» շէնքի վարչութիւն 200.000 լ. ո.
Տէր եւ տիկին Սարգիս Բարմաքսըզեան 50.000 լ. ո.
————————————————————————–
Հովանաւորութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմի
Կազմակերպութեամբ`
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ միաւորներուն`
Թաղական խորհուրդին,
Եկեղեցասէր տիկնանց յանձնախումբին
Եւ Աղքատախնամ մարմինին
ՁԵՌԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ԵՒ ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
Բացումը տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, «3 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին:
Ցուցահանդէսը կ՛երկարի մինչեւ չորքեշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2015, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-2:00 եւ երեկոյեան ժամը 5:00-8:30:
ՀՐԱՒԷՐ
————————————————————————–
ՈՒՐԲԱԹՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ
Մասնակցութեամբ`
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ
Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, այսու կու գանք ծանուցելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի տնօրինումով եւ մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին ուրբաթ երեկոները պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ ներկայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ կատարուի հոգեւոր բովանդակութեամբ զրոյց:
Երկրորդ պատարագը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 4 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Այս առիթով պիտի պատարագէ եւ պատգամ փոխանցէ Հոգշ. Տ. Շնորհք վրդ. Աշըգեան, Ս. սեղանին պիտի սպասարկեն դպրեվանքի սարկաւագները, իսկ երգեցողութիւնը պիտի կատարեն «Աւետաբեր» երգչախումբին անդամները:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, յատկապէս մեր երիտասարդները, որպէսզի ներկայ գտնուին սուրբ պատարագներուն եւ մասնակից դառնան դպրեվանքի տեսչութեան առաջնորդութեամբ տեղի ունենալիք հոգեւոր զրոյցներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
————————————————————————–
Պէյրութի Արաբական-միջազգային
գիրքի ցուցահանդէսի ծիրին մէջ
Հովանաւորութեամբ`
Լիբանանի վարչապետ
ԹԱՄՄԱՄ ՍԱԼԱՄԻ
Լիբանանի կեդրոնական դրամատան
նախկին փոխկառավարիչ
ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒԳԵԱՆ
կը հրաւիրէ ձեզ ներկայ գտնուելու իր հրատարակած վերջին հատորին`
«Հայ սեղանաւորները Օսմանեան
կայսրութեան մէջ» (Արաբերէնով)
Գիրքին մակագրութեան
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 4 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 8:00, «Պիել»-ի Արաբական մշակութային ակումբին տաղաւարին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
————————————————————————–
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆԸ
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Կը հրաւիրեն Ձեզ
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի
Երեսունհինգերորդ Հատորի
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2015-ի
երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:
————————————————————————–
Բարձր հովանաւորութեամբ`
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին
Կազմակերպութեամբ`
Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Տնօրէնութեան
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Սարգիս Նաճարեանի
«Հռիփսիմեանցը» գիրքին, նուիրուած
վարժարանի 90-ամեակին
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, Ֆանար:
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ՍՄԲՈՒԿՈՎ ՍԻՍԵՌՈՎ
ԱՊՈՒՐ + ԵՂԻՆՁ
Գին` 15.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
www.badguer.com
—————————————————————————-
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան
Ճեմարանի
Ծնողական յանձնախումբ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Տեղի կ՛ունենայ 16, 17 եւ 18 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30, Ճեմարանի «Գարագաշեան» սրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————————
ՎԱՐՁՈՒ Է
Կահաւորուած յարկաբաժին մը` Ժել էլ Տիպի բարձունքին վրայ, 130 քառ. մեթր, գեղատեսիլ դիրք + վերելակ + 2 կառատուն, ամսական 650$: Դիմել` հեռ. 76-773771:
—————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ`
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
2 կից հողաշերտեր, իւրաքանչիւրը` 1000 քառ. մեթր, կառուցման բոլոր հնարաւորութիւնները ապահովուած, Վահագն թաղամասի դիմաց, Կարմիր խաչին մօտ: Դիմել` հեռ. 71-843178:
————————————————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
17 – 18 – 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (ՀԵՀՈՄ)
ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
11, 12, 13, 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՇԱԲԱԹ, 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016