ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Այսօր` շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «Նահարքոմ սայիտ» յայտագիրէն հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ կատարուելիք հարցազրոյցին:
—————————————
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ այս տարի 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Գիւտ Խաչի կիրակի օրը հանդիսութեամբ պիտի նշուի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Այս առիթով շաբաթ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ հսկում, իսկ կիրակի օր հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ ու գործօն մասնակցութեամբ վերանորոգուի եւ հաղորդուի օրուան Ս. խորհուրդով:
Շաբաթ երեկոյեան | ժամը 7:00-ին |
Կիրակի սկիզբ ժամերգութեան | ժամը 8:00-ին |
Ս. պատարագ | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ | ժամը 10:30-ին |
Մատաղօրհնէք | ժամը 11:30-ին |
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Գիւտ խաչի կիրակին, եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնն է:
Այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին ոչխար նուիրել կամ մասնակցիլ նիւթական նուէրով, թող բարի ըլլան կապ պահել թաղականութեան քարտուղարութեան հետ: Հեռ. 01-981102/3, ամէն օր ժամը 8:30-1:00:
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան վարչական խորհուրդը կը յայտնէ, թէ հանգուցեալ Հ. Էմմանուէլ արք. Տապպաղեանի վախճանման քառասունքին առիթով` Զմմառու վանքի մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին` մասնակցելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ աղօթելու հանգուցեալ գերապայծառին հոգւոյն համար:
ԴԻՒԱՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼՈՒՍԻՆ ԹՈՒՄԱՅԵԱՆ-ԽԶԱՐՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան հանգուցեալին պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Խմբագիր եւ լրագրող ՄԱՆՈՒԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի մահուան 7-րդ տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՎԻԳԷՆ ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆի մահուան 10-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԳԷՈՐԳ ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԹԱՅԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՎԻԳԷՆ ՉԷՔՄԷԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի
—————————————
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԼՕԽ-Ի 2019-Ի
ՕՐԱՑՈՅՑԸ
Հրատարակութեամբ` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին
Ստանալու համար դիմել Շրջանային վարչութեան գրասենեակ` «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, 4-րդ յարկ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Ա. յարկ, 2 ննջասենեակ եւ յարակից մասեր, 1 կառատուն: Հեռ. 03-588579, առաւօտեան ժամը 8:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 6:00:
—————————————
Տիկին Ժոզէֆին Մինասեան 300$ կը նուիրէ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցին:
—————————————
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018