Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Յայտարարութիւններ (31 Հոկտեմբեր 2018)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Լիբանանահայ գրողներու համախմբումը կը գուժէ իր վաստակաւոր անդամներէն` ծանօթ մտաւորական եւ արձակագիր-թատերագիր

ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2018-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Ռիթա Արապեան-Արծրունի
Տէր եւ տիկին Արսէն եւ Շաղիկ Արծրունի եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Աննա Արծրունի եւ զաւակունք
Տիկին Աստղիկ Մելքոնեան եւ ընտանիք
Տիկին Ալիս Պաքալեան եւ ընտանիք
Տիկին Արսինէ Մելիքսէթեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սահակ Արապեան եւ ընտանիք
Արծրունի եւ Արապեան ընտանիքներ
Շահինեան եւ Բաբայեան ընտանիքներ
Մելքոնեան եւ Պաքալեան ընտանիքներ
Մելիքսէթեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր, փեսային եւ հարազատին`

ԱՐԱ ԱՐՍԷՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ
(Ծնեալ` Հալէպ, 1932-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2018-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 1 նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ապա շաբաթ, 3 նոյեմբերին հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Հայաստան, ուր թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Քանաքեռի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին եւ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Քանաքեռաւանի գերեզմանատան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 3 նոյեմբերին, Հայաստան` Քանաքեռի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Ժաքլին Հապիպեան-Ազնաւուր եւ զաւակները` Մելիսա եւ Ալեքս
Տէր եւ տիկին Յարութ Ազնաւուր եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Տիրան Ազնաւուր եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Ազնաւուր եւ ընտանիք
Տիկին Նոյեմի Ազնաւուր եւ զաւակունք
Ազնաւուր եւ Հապիպեան ընտանիքներ
Շագալեան եւ Քենտիրճեան ընտանիքներ
Ճուպուքճեան եւ Մարտիրոսեան ընտանիքներ
Արժինեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՍԱՐԳԻՍ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ
(Ծնեալ` 1973-ին)

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, արկածի հետեւանքով:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 1 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 2 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ

Սիրելի՛ հայրենակից

«Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին դիմած է 2005-ի ծնունդ պատանի մը, որ ժամանակէ մը ի վեր քաղցկեղէ կը տառապի:

Անմիջական գործողութեան համար անհրաժեշտ է 150.000 ամերիկեան տոլար:

Բարեսիրական հաստատութիւններու միջոցով, պատկերասփիւռի արշաւով, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերով արդէն տեղի կ՛ունենան դրամահաւաքներ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ձեզի կը դիմենք, որ ձեր օժանդակութեամբ նաեւ հայ պատանիի մը կեանքը փրկէք:

Բուժման առաջին փուլը արդէն սկսած է, «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտն ալ իր կարգին կոչ կ՛ուղղէ, որ իւրաքանչիւր հայ իր մասնակցութիւնը բերէ:

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, Ճինիշեանի եւ ԼՕԽ-ի կեդրոններուն մէջ:

ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

—————————————

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ

Ազգային առաջնորդարանի գերեզմանատուներու բարեզարդման աշխատանքներուն հետեւողականութիւնը, կազմակերպուածութիւնը, մնայուն նորոգութիւններն ու պիւտճէն ապահովելու նպատակադրումով, Ազգային վարչութիւնը ճշդեց դամբարաններու եւ դարակներու բարեզարդման տարեկան խորհրդանշական սակագին:

Հաւաքուած գումարը ե՛ւ պիտի ծառայէ գերեզմանատուներու ընդհանուր բարեզարդման, ե՛ւ դամբարանի կամ դարակի հերթական մաքրութեան ու նորոգութեան: Առ այդ, դամբարաններու բարեզարդման տարեկան սակագինն է 20 ամերիկեան տոլար, իսկ դարակներունը` 10 ամերիկեան տոլար:

Սոյն աշխատանքը ի գործ պիտի դրուի երեքշաբթի, 1 յունուար 2019-էն սկսեալ: Տարեկան վճարումներու դրոյթին ծանօթանալու եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար, մեր հայորդիները կրնան այցելել Ազգային առաջնորդարան եւ կամ հեռաձայնել 01-258301 թիւին:

Մեր փափաքն է, որ մեր համայնքի զաւակները դրական մօտեցումով ընկալեն այս որոշումը, որուն էական նպատակն է մեր գերեզմանատուներու կարգավիճակին բարելաւումը եւ նորոգութեան ու մաքրութեան մնայուն եղանակի ճշդումը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

—————————————

«ԱՌԻ»-ի Արցախ այցելութեան առիթով եւ արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին, կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Տիար Յակոբ Ադամեան 300$
Տիար Մհեր Ադամեան 300$
Տիար Պետօ Մանճիկեան 300$
Տիար Վագօ Պաստրմաճեան 500.000 լ. ո.
Օրդ. Վանա Գասարճեան 300$

—————————————

—————————————

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԱՅԱՇԻ ԲԱՆՏԸ»

ՏՈՔԹ. ԱՒԵՏԻՍ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
ԵՒ
ՄԱՀԱՊԱՐՏ ԱՔՍՈՐԵԱԼՆԵՐԸ

Հեղինակ` ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

Հրատարակութիւն` Ե. Հ. Ք.

Հրատարակութեան պատրաստութիւն`
ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ

Տպարան` DESIGN KESDENIAN
Պէյրութ, 2018

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Ոսկերչական հաստատութիւն մը կարիքը ունի ոսկերիչ (սետեքեր) վարպետ գործաւորի մը: Հեռ. 01-262118:

—————————————

ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ

Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:

Դիմել` հեռ. 76-695869:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

 

 

«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018-ԻՆ

ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ
ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ.
03/905441, 70/962747 ԵՒ 03/576334

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

 15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2305

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>