Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (2 Նոյեմբեր 2018)

$
0
0

ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ

Սիրելի՛ հայրենակից

«Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին դիմած է 2005-ի ծնունդ պատանի մը, որ ժամանակէ մը ի վեր քաղցկեղէ կը տառապի:

Անմիջական գործողութեան համար անհրաժեշտ է 150.000 ամերիկեան տոլար:

Բարեսիրական հաստատութիւններու միջոցով, պատկերասփիւռի արշաւով, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերով արդէն տեղի կ՛ունենան դրամահաւաքներ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ձեզի կը դիմենք, որ ձեր օժանդակութեամբ նաեւ հայ պատանիի մը կեանքը փրկէք:

Բուժման առաջին փուլը արդէն սկսած է, «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտն ալ իր կարգին կոչ կ՛ուղղէ, որ իւրաքանչիւր հայ իր մասնակցութիւնը բերէ:

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, Ճինիշեանի եւ ԼՕԽ-ի կեդրոններուն մէջ:

ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԱՐԻ ՊԷՔԱՐԵԱՆ-ՀԱՃԱՔԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 նոյեմբեր 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՆՈՒՊԱՐ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 նոյեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՅԱԿՈԲ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 նոյեմբեր 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՄԿՐՏԻՉ ԼՈՒՍԱՐԱՐԵԱՆի մահուան 10-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 նոյեմբեր 2018-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ

Ս. Աստուածածնայ տաճար ընծայման տօնին առիթով կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին պիտի տօնախմբուի եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնը:

Այս առիթով պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:

Բոլոր այն հաւատացեալները, որոնք ուխտի, ննջեցեալի յիշատակի կամ բարի նպատակի համար կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապ պահել թաղականութեան քարտուղարութեան կամ եկեղեցւոյ քահանայ հայրին հետ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն 12:30, հեռաձայն` 01/269760:

ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏԻՆ

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Արա Արծրունիի մահուան առիթով`

– Տէր եւ տիկին Տիգրան Մելքիսէթեան 200$

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018-ԻՆ

ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ
ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ.
03/905441, 70/962747 ԵՒ 03/576334

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

 15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>