ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍՊԻՏԱԿԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ
30-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Այսու կու գանք տեղեկացնելու լիբանանահայութեան, որ 7 դեկտեմբերի Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առիթով, ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգիստ պիտի կատարուի երկրաշարժին զոհուած հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Հոգեհանգստեան արարողութեան պիտի նախագահէ
Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Կոչ կ՛ուղղենք բոլորիդ եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի պաշտօնեաներուն, գործատէրերուն եւ գործաւորներուն 30 վայրկեան դադար տալու իրենց աշխատանքին եւ մասնակցելով հոգեհանգստեան արարողութեան` յարգելու զոհուած հայորդիներու յիշատակը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան եւ ընտանիք
Օրդ. Վերգինէ Այնթապլեան
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Վարդուկ Թաշճեան եւ ընտանիք
Օրդ. Ցօղիկ Այնթապլեան
Տէր եւ տիկին Մովսէս Այնթապլեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Նարեկ Այնթապլեան եւ ընտանիք
Օրդ. Վարդուհի Այնթապլեան
Գուճանեան եւ Թասլաքեան ընտանիքներ
Թազեան եւ Պետրոսեան ընտանիքներ
Աշգարեան եւ Այնթապլեան ընտանիքներ
Ժամկոչեան եւ Պալեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԱՐՈՒՍԵԱԿ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԹԱԶԵԱՆ, Մուսա Լեռ, 1919-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, իսկ մնացեալ օրերը` հանգուցեալին բնակարանը:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Խօշեան եւ զաւակները` Համբիկ եւ Գեղարդ
Տէր եւ տիկին Վարդգէս Խօշեան եւ դուստրը` Մեղրի
Օրդ. Արշալոյս Խօշեան
Տէր եւ տիկին Վարագ Խօշեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Արցախ Խօշեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Յակոբ Խօշեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժոզեֆին Խօշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Քրիստափոր Խօշեան եւ զաւակունք
Խօշեան եւ Հապէշեան ընտանիքներ
Թազեան եւ Խարտալեան ընտանիքներ
Աբրահամեան եւ Փամպուքեան ընտանիքներ
Քէշիշեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԽՕՇԵԱՆԻ (ՊԱՍԻԼ)
(Ծնեալ` Մուսա Լեռ, 1927-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մատլեն Պալեան-Վանլեան
Տէր եւ տիկին Արթիւր եւ Նովա Արապեան եւ զաւակունք` Ժերար եւ Վանեսա
Տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Քրիստին Վանլեան եւ զաւակունք` Ճուլիըն, Ալեսիօ եւ Լուքա
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Նայիմա Վանլեան եւ զաւակունք` Սարա եւ Արի
Տէր եւ տիկին Պետրոս Վանլեան եւ զաւակունք
Հիւպատոս Արա Վանլեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ քրոջ` Եղիսաբէթ Սեմերճեանի զաւակները
Հանգուցեալ քրոջ` Յասմիկ Այվազեանի զաւակները
Անի Պոյաճեան եւ ընտանիք
Արամ Պալեան եւ ընտանիք (Քանատա)
Շահէ Պալեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Վանլեան եւ Պալեան ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Արապեան ընտանիքներ
Սէրմանուքեան եւ Քըվըրեան ընտանիքներ
Ճեզմեճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԱԲՐԱՀԱՄ ՊՕՂՈՍ ՎԱՆԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, Տըպպայէ, չորեքշաբթի, 5 եւ հինգշաբթի, 6 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 :
—————————————
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 39-ՐԴ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀՈՂ ԹԻՒՆ Է
597
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ»
ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ
Նուիրուած`
Մտաւորական, թատերագիր եւ հրապարակագիր
ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ
մահուան քառասունքին առիթով
Խօսք կ՛առնեն`
ԳԵՐՇ. Տ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔ. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
- Գեղարուեստական յայտագիր
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
ԵՒ
ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԾԱՌԻ ԵՒ ՄՍՈՒՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կազմակերպութեամբ`
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ
Ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 5.00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին նուիրուած նախատօնակ, որուն աւարտին պիտի կատարուի հանդիսաւոր անդաստան Ս. Յակոբ Մծբնացի եւ
Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ հայրապետներու աջերով:
Ժամը 6.00-էն սկսեալ, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Նոր տարուան տօնախմբութիւն, ծառի եւ մսուրի լուսաւորում:
Նախաձեռնութիւնը պիտի ընդգրկէ երգ, նուագ, Կաղանդ պապա ու նուէրներ:
Կը հրաւիրենք մեր սիրելի ժողովուրդի բոլոր զաւակները, ստանալու սուրբ հայրապետներուն օրհնութիւնը, գօտեպնդուելու անոնց հաւատքով եւ միասնաբար հաճելի եւ ուրախ պահեր ունենալու:
Նշենք, թէ սուրբ հայրերուն մասունքները մայր տաճարին մէջ պիտի մնան մինչեւ երեկոյեան ժամը 8.30:
—————————————
Նիւթ`
«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՀԱԿՆԵՐԸ»
Դասախօս`
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ԵՆ
Իրանեան գորգեր, արծաթեղէն եւ գեղարուեստի գործեր: Դիմել հեռ. 01-349839 թիւին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՀԲԸՄ – ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԵՒ ՇԱԲԱԹ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018,
ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018-ԻՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ
ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ.
03/905441, 70/962747 ԵՒ 03/576334
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ
BRUNCH
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ