Նիւթ`
«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՀԱԿՆԵՐԸ»
Դասախօս`
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
—————————————
ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
ԵՒ
ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԾԱՌԻ ԵՒ ՄՍՈՒՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կազմակերպութեամբ`
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ
Ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 5.00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին նուիրուած նախատօնակ, որուն աւարտին պիտի կատարուի հանդիսաւոր անդաստան Ս. Յակոբ Մծբնացի եւ
Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ հայրապետներու աջերով:
Ժամը 6.00-էն սկսեալ, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Նոր տարուան տօնախմբութիւն, ծառի եւ մսուրի լուսաւորում:
Նախաձեռնութիւնը պիտի ընդգրկէ երգ, նուագ, Կաղանդ պապա ու նուէրներ:
Կը հրաւիրենք մեր սիրելի ժողովուրդի բոլոր զաւակները, ստանալու սուրբ հայրապետներուն օրհնութիւնը, գօտեպնդուելու անոնց հաւատքով եւ միասնաբար հաճելի եւ ուրախ պահեր ունենալու:
Նշենք, թէ սուրբ հայրերուն մասունքները մայր տաճարին մէջ պիտի մնան մինչեւ երեկոյեան ժամը 8.30:
—————————————
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ
ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ ԻՐ ՓՈՐՁԵՐՈՒՆ
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը, նոյեմբեր ամսուան փայլուն ելոյթներէն ետք, մօտ օրէն, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Անի Կոստանեանի գլխաւորութեամբ պիտի վերսկսի նոր տարեշրջանի փորձերուն:
Փորձերը տեղի պիտի ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ:
Պարախումբը կ՛ընդունի վեց տարեկանէն սկսեալ դիմորդներ: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մաս կազմել ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին, արձանագրութեան համար կրնան դիմել ՀԵԸ-ի Կեդրոնական գրասենեակ, հեռ.` 04-523043/44, կամ պարախումբի վարչութեան:
ՀԵԸ-Ի «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ»
(ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ)
Ա. եւ Բ. հատոր
Հեղինակ` ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ
Հաւաքեց, նոթագրեց ու խմբագրեց
ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Տպարան կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս – 2018
***
«ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ»
Հաւաքեց, նոթագրեց ու խմբագրեց
ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Տպարան կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս – 2018
***
«ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
Հեղինակ` ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Խմբագիր` դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան
«ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՕԼԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ- ԹԻՒ 26
Տպարան կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս – 2018
—————————————
ԾԱԽՈՒ Է
Հայաստանեան դգալ-պատառաքաղի սեթ։
Դիմել՝ հեռ. 01-218259։
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՀԲԸՄ – ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԵՒ ՇԱԲԱԹ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018,
ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018-ԻՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ
ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ.
03/905441, 70/962747 ԵՒ 03/576334
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ
BRUNCH
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ