Նիւթ`
«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՀԱԿՆԵՐԸ»
Դասախօս`
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԾԱՌԻ
ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՄՍՈՒՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ
Ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին նուիրուած նախատօնակ, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ Նոր տարուան տօնախմբութիւն, ծառի եւ մսուրի լուսաւորում:
Այս առիթով, դէպի մայրավանք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին երթեւեկը դիւրացնելու նպատակով, յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն սկսեալ, մասնաւոր փոխադրակառքեր տրամադրելի պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերուն մէջ.
– Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դիմաց
– Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց
– Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դիմաց
– Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դիմաց
– Ֆանար` ակումբին առջեւ
– Ռաուտա (Էհլան)
– Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից
– Զալքայի ակումբին կից
– Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
– Հաճըն եւ Ռըմէյլ` նախկին փուռ Փատովային կից:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
– Էշրեֆիէ-
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ
Շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2018, Տօն Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէի ճգնաւորին եւ Մելիտոսի եպիսկոպոսին
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` | ժամը 8:00-ին |
– Ժամերգութեան աւարտին աղօրհնէք, ջրօրհնէք եւ Ս. հաղորդութիւն | |
– Մատաղցու ոչխարներու զենում` | ժամը 9:30-ին |
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` | ժամը 6:30-ին |
– Ժամերգութեան աւարտին` գեղարուեստական յայտագիր |
Կիրակի, 16 դեկտեմբեր 2018, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւն
– Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին |
– Ժամանում եւ դիմաւորում` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, առաջնորդ սրբազան հօր` ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍին, | ժամը 9:15-ին |
– Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
– Մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգիստ` | ժամը 12:15-ին |
Բոլոր արարողութեանց կը հանդիսապետէ, Ս. պատարագը կը մատուցէ եւ կը քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Կը հրաւիրենք բոլոր հայորդիները` աղօթակից դառնալու եւ լիցքաւորուելու մեր սուրբերուն բարեխօսութեամբ:
Աստուած ձեր ուխտը ի կատար ածէ:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՀՄԸՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան
Նախագահութեամբ`
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի
Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԿԱԼԱ ԸՆԹՐԻՔ
Ելոյթ կ՛ունենան հայրենի ժողովրդային սիրուած երգիչ
ՎԱՐԴԱՆ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
եւ ՇԱՔԷ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Ֆինիսիա» պանդոկին «Grand Ballroom» սրահին մէջ:
—————————————
Հովանաւորութեամբ`
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան
Կազմակերպութեամբ`
ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին
ՍՊԻՏԱԿԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 30-ԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ
Դասախօսութիւն`
«ՀԱՅ ԵՐԳԸ-ԿՈՄԻՏԱՍ. ԿՈՄԻՏԱՍԻ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ»
Դասախօս
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ`
ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Բացում` երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, քոլեճի սրահին մէջ:
Տօնավաճառը բաց կը մնայ մինչեւ հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
«ՊԱՏԿԵՐ» Մշակոյթի Տուն-Օճախը
ձեզ կը հրաւիրէ
ՅՈՎՍԷՓ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆի ստեղծագործութեան
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
ՄԱՍՆԻԿՆԵՐ
Բացում` հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին: Ցուցահանդէսին ժամերը, ամէն օր 11:00-19:30, «Պատկեր», «Տէր Մելքոնեան» փողոց, Ա. յարկ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՀԲԸՄ – ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԵՒ ՇԱԲԱԹ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018,
ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018-ԻՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ
ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ.
03/905441, 70/962747 ԵՒ 03/576334
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ
BRUNCH
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ