Նիւթ`
«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՀԱԿՆԵՐԸ»
Դասախօս`
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
—————————————
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
– Էշրեֆիէ-
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ
Շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2018, Տօն Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէի ճգնաւորին եւ Մելիտոսի եպիսկոպոսին
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` | ժամը 8:00-ին |
– Ժամերգութեան աւարտին աղօրհնէք, ջրօրհնէք եւ Ս. հաղորդութիւն | |
– Մատաղցու ոչխարներու զենում` | ժամը 9:30-ին |
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` | ժամը 6:30-ին |
– Ժամերգութեան աւարտին` գեղարուեստական յայտագիր |
Կիրակի, 16 դեկտեմբեր 2018, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւն
– Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին |
– Ժամանում եւ դիմաւորում` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, առաջնորդ սրբազան հօր` ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍին, | ժամը 9:15-ին |
– Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
– Մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգիստ` | ժամը 12:15-ին |
Բոլոր արարողութեանց կը հանդիսապետէ, Ս. պատարագը կը մատուցէ եւ կը քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Կը հրաւիրենք բոլոր հայորդիները` աղօթակից դառնալու եւ լիցքաւորուելու մեր սուրբերուն բարեխօսութեամբ:
Աստուած ձեր ուխտը ի կատար ածէ:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան
«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնը
Հաճոյքով կը հրաւիրէ ձեզ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ
Հովանաւորութեամբ`
ՏԻԿԻՆ ԱՆԻ ԿԻՏԱՆԵԱՆի
Տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 6:00, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԱՐԻ ՔԷՕՇԿԵՐԵԱՆի (ծնեալ` ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ՛ մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 16 դեկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Ժէլ Էլ Տիպի Մար Թաքլա եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
ՄԱՐԻ ԻՆՃԷԵԱՆի (ծնեալ` Տէօքմեճեան) մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 16 դեկտեմբեր 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՀՄԸՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան
Նախագահութեամբ`
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի
Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԿԱԼԱ ԸՆԹՐԻՔ
Ելոյթ կ՛ունենան հայրենի ժողովրդային սիրուած երգիչ
ՎԱՐԴԱՆ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
եւ ՇԱՔԷ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Ֆինիսիա» պանդոկին «Grand Ballroom» սրահին մէջ:
—————————————
ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՎՐԱՅ Է ԱՐԴԷՆ
«ԴԻՏԱԿ» ԱՄՍԱԳԻՐԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԹԻՒԸ
ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԴԻՄԵԼ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹՆԵՐԸ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
JAVA հաստատութիւնը կարիքը ունի լիբանանահայ երիտասարդի մը` իր աշխատանոցին մէջ, 20-էն 30 տարեկան: Երկրորդական կարգի ուսումը եւ արաբերէն ու անգլերէն գիտնալը պայման է: Դիմել` հեռ. 01-502329:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ
BRUNCH
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ