Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (18 Դեկտեմբեր 2018)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Մարտիրոս Ճանճանեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Զաւէն Ճանճանեան
Տիկին Տորին Ճանճանեան
Տէր եւ տիկին Կիւլեպի Ճանճանեան եւ զաւակը
Տիկին Մարիժան Գասպարեան
Տիկին Մատլեն Խաչատուրեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Զաքի Հատտատ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Ճանճանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Փարամազ Ճանճանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Քըրիաքօ եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Յարութ Ճանճանեան եւ զաւակունք
Տիկին Սոնա Սվաճեան եւ զաւակունք
Տիկին Շնորհիկ Մինասեան եւ զաւակունք
Կեպենեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ եւ հարազատին`

ԱՆԺԵԼ ՃԱՆՃԱՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սօսի Մոմճեան եւ զաւակը` Քրիստ
Օրդ. Մարի Մոմճեան
Տիկին Հայկան Սարգիսեան
Տիկին Մարալ Մոմճեան եւ զաւակը` Րաֆֆի
Տէր եւ տիկին Սահակ եւ Գարիլ Մոմճեան եւ դուստրերը
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ԳԷՈՐԳ ՄՈՄՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Հանգուցեալին մահուան առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 23 դեկտեմբերին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին տեղւոյն վրայ:

—————————————

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ

Դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Շարքին երրորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Նիւթ`

ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆԱՅԻՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
(Տարրալուծարանագէտ)

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

JAVA հաստատութիւնը կարիքը ունի լիբանանահայ երիտասարդի մը` իր աշխատանոցին մէջ, 20-էն 30 տարեկան: Երկրորդական կարգի ուսումը եւ արաբերէն ու անգլերէն գիտնալը պայման է: Դիմել` հեռ. 01-502329:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ

BRUNCH

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,

7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>