ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարալ Քիլեճեան եւ զաւակները` Գօգօ եւ Նաթալի (Հայաստան)
Տէր եւ տիկին Հրաչ Քիլեճեան եւ դստերք (Քաթար)
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ Քիլեճեան (Սուրիա)
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Քիլեճեան (Պրազիլ)
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Քիլեճեան (Հայաստան)
Տէր եւ տիկին Գէորգ Քիլեճեան (Հայաստան)
Տէր եւ տիկին Գէորգ Մաթոսեան (Սուրիա)
Տէր եւ տիկին Զարեհ Սերոբեան (Սուրիա)
Տէր եւ տիկին Վանիկ Քիլեճեան (Պրազիլ)
Տիկին Ազնիւ Ճորճեան եւ զաւակը` Վարդան
Տէր եւ տիկին Սլէյման Սլէյման եւ զաւակունք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Ժանօ Ճորճեան
եւ համայն ազգականները կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅՈՎԱԿԻՄ ՔԻԼԵՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1942-ին, Հալէպ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2015-ին, Երեւանի մէջ, Հայաստան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 8 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Երեւանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Երեւանի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————————————————-
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւն
ԼՕԽ-Ի ՁԱՅՆ
ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ
Չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին:
Նիւթ`
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան
քարոզչական յանձնախումբի պատրաստած
2016-ի օրացոյցը:
Յայտագիրը կը ներկայացնէ Մարալ Հարպոյեան:
—————————————————————————-
ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՄՐՑԱՆՔ
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՈՍԿԵՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԳԾԱԳՐԻՉՆԵՐՈՒՆ (ՏԻԶԱՅՆԸՐԶ)
Նախաձեռնութեամբ` PRIME PROJECT-ի
Գործակցութեամբ`
«ՊԱՏԿԵՐ» մշակութային կեդրոնին եւ Պէյրութի ու
Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի
եւ երկրագործութեան գրասենեակին
Կազմակերպուած է ոսկերչական գծագրութեան յատուկ մրցանք մը` «Մաթրիքս»-ով կամ ձեռային գծագրութեամբ:
Մասնակցողները իրենց ոսկերչական գծագրութիւնները պարտին յանձնել «ՊԱՏԿԵՐ» մշակութային կեդրոն, ամէնէն ուշը մինչեւ ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 6:00:
Առաջին 3 մրցանակակիրները պիտի ստանան արժէքաւոր նուէրներ:
«ՊԱՏԿԵՐ» մշակութային կեդրոն, հեռ. 03-652235:
—————————————————————————-
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԷՇՐԵՖԻԷ
Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՏՕՆ
60-ամեակ եկեղեցւոյս կառուցման եւ օծման
հոգեւոր եւ մշակութային ձեռնարկներ
Ա. Ձեռագործներու, ձեռային աշխատանքներու, գեղանկարչական եւ յուշանուէրներու ցուցահանդէս-վաճառքը կը շարունակուի մինչեւ չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 9:00:
Բ.- Հսկում-ժամերգութիւններ, 7-11 դեկտեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Գ.- Գեղարուեստական յայտագիր.
Ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին: Ելոյթ կ՛ունենայ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի «Տաւիղ» խումբը ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:
Դ.- Ս. Յակոբի անուանակոչութիւն.
Շաբաթ, 12 դեկտեմբեր 2015
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին:
– Ջրօրհնէք նոր օրհնուած միւռոնով` ժամը 8:30-ին:
– Ս. հաղորդութիւն:
– Աղօրհնէք- ոչխարներու զենում` ժամը 12:00-ին: Մատաղի պատրաստութիւն` ամբողջ օրը:
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` ժամը 7:00-ին:
– Գիշերը ուխտի մոմավառութիւն` մինչեւ ժամը 11:00
Ե.- Կիրակի, 13 դեկտեմբեր 2015
– Տօնախմբութիւն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ 60-ամեակի:
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Առաջնորդ սրբազան հօր դիմաւորում Ժեհթաուի փողոցէն` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբով` ժամը 9:30-ին:
– Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:00-ին:
– Քարոզ` ժամը 11:30-ին:
– Հոգեհանգիստ եւ մատաղօրհնէք` ժամը 12:00-ին:
Ս. եւ անմահ պատարագը կը մատուցէ, կը քարոզէ, մատաղօրհնէքը կը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմի
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի հայորդիները վերանորոգելու եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ առաքելութեան ուխտը եւ քալելու մեր հայրերու եկեղեցաշէն ճամբէն:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԾԱՆՕԹ.- Այն հայորդիները, որոնք կը ցանկան մատաղցու ոչխար նուիրաբերել կամ մատաղցու ոչխարի փոխարէն նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին հեռաձայնել 01-449926 կամ 01-266414 թիւերուն:
—————————————————————————-
Բարձր հովանաւորութեամբ`
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին
Կազմակերպութեամբ`
Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Տնօրէնութեան
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Սարգիս Նաճարեանի
«Հռիփսիմեանցը» գիրքին, նուիրուած
վարժարանի 90-ամեակին
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, Ֆանար:
————————————————————————–
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ՍՄԲՈՒԿՈՎ ՁԱՒԱՐՈՎ
ԼԻՑՔ + ՄԱԾՈՒՆ
Գին` 17.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
www.badguer.com
—————————————————————————-
Համազգային Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
Նախագահութեամբ`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՍ ԵՒ ՎԱԼԱՆԹԻՆԱ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆՆԵՐՈՒ
Կ՛երգեն
ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 5 յունուար երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Լը Ռոյալ» պանդոկի «Փըրլ» սրահին մէջ:
Տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ, Համազգայինի գրախանութ եւ «Ճեքա» հաստատութիւն կամ հեռաձայնել 76-496696 թիւին:
—————————————————————————-
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան
Ճեմարանի
Ծնողական յանձնախումբ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Տեղի կ՛ունենայ 16, 17 եւ 18 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30, Ճեմարանի «Գարագաշեան» սրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
17 – 18 – 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (ՀԵՀՈՄ)
ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
11, 12, 13, 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՇԱԲԱԹ, 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
—————————————————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016