Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (2 Մարտ 2019)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1951-ի շրջանաւարտներէն`

ԿԱՐՊԻՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 22 փետրուար 2019-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն

ԳՐԻԳՈՐ ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 28 փետրուար 2019-ին:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Ազնիւ Ալեէմէզեան
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Մանուելլա Ալեէմէզեան եւ զաւակը` Գրիգոր-Ռաֆայել
Տէր եւ տիկին Երուանդ եւ Անի Ալեէմէզեան եւ զաւակները` Նարեկ եւ Վարանդ
Տէր եւ տիկին Խաժակ եւ Դալար Գույումճեան
Տիկին Թերեզ Ալեէմէզեան եւ ընտանիք
Տիկին Ցօղիկ Գարավարդանեան եւ ընտանիք
Օրիորդ Սանդուխտ Թիւֆէնքճեան
Ալեէմէզեան եւ Սալկատօ ընտանիքներ
Էքմեքճեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԳՐԻԳՈՐ ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 28 փետրուար 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 2 մարտ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ կիրակի, 3 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մեծ պահոց շրջանին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան Ընդհանուր պաշտամունքներուն պիտի պատգամեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանները: Կիրակի օրերը` կէսօրէ ետք ճիշդ ժամը 5:00-ին:

3 ՄԱՐՏ 2019

«ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ»

ՀՈԳՇ. Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂՅ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ

—————————————

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»        

Հովանաւորութեամբ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան «Վանայ Ձայն»-էն ունկնդրեցէք «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` կիրակի, 3 մարտ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:

Այս շաբթուան մասնակից վարժարաններն են`

1.- Հայ կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարան
2.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ

Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ:

—————————————

ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Դպրեվանքի տեսչութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին, ամէն ուրբաթ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենան հսկումի արարողութիւններ:

Սիրով կը հրաւիրենք բոլոր հաւատացեալները` մասնակցելու հսկումի հոգեյոյզ արարողութիւններուն եւ աղօթակցելու դպրեվանեցիներուն:

ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ

—————————————

 


ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆ ԹԻՒ 147     

 

 

 

 

 

 

 

 

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿ

Նիւթ`

ԿՈՄԻՏԱՍԸ՝ ՀԱՅ ԿԵՐՊԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՄԷՋ

Դասախօս`

ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԷԼԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ հիգշաբթի 7 մարտ, 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ։

—————————————

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Նկատի ունենալով, որ Մեծ պահքի ընթացքին սուրբ պատարագը փակ վարագոյրի ետեւ կը մատուցուի, երեքշաբթի գիշերներու սուրբ պատարագի մատուցումը պիտի դադրեցնենք երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-էն սկսեալ:

Սուրբ պատարագի մատուցումը պիտի վերսկսինք երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-8:00, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԻՆԱՍ ՕՍԿԱՅԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 մարտ 2019-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

—————————————

ՀՄԸՄ ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 4 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Շուշի» ժողովրդային տան մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հրապարակէ ելեկտրածին շարժակներու յունուար ամսուան հաշուեցուցակը` հիմնուելով ուժանիւթի նախարարութեան սակացոյցին վրայ:

Ժամական իւրաքանչիւր քիլովաթի համար 385 լիբանանեան ոսկի, որուն վրայ կ՛աւելնան մնայուն բաժնեգիները.

15.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփեր
23.000 լիբ. ոսկի` 10 ամփեր
30.000 լիբ. ոսկի` 15 ամփեր
եւ 15 ամփերէն վեր 5000 լիբ. ոսկի իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:

Իսկ առանց հաշուեցոյցի սարքերու բաժանորդներուն պարագային վճարումները կ՛ըլլան համաձայնաբար բաժանորդին եւ ելեկտրածին շարժակի տիրոջ միջեւ:

—————————————

365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ

Տէր եւ տիկին Խորէն Ժամկոչեան իրենց ծնողներուն` տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Վիքթորիա Ժամկոչեաններու յիշատակին կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլար: (3 մարտ 2019)

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

7 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «Հ. ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

11 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ -ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

23 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ

ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ

ՀԱՄԵՐԳ

ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

8 ՄԱՅԻՍ 2019

ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ

BRUNCH

9 ՄԱՅԻՍ 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>