Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (14 Դեկտեմբեր 2015)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր հաւատաւոր ընկերներէն

ՄԻՀՐԱՆ ՊԻՆԿԷՕԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 12 դեկտեմբեր 2015-ին:

 —————————————————————————- 

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Յակոբ Ճէրէճեան
Տիար Գէորգ Ճէրէճեան
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Ծաղիկ Պալթայեան եւ զաւակունք
Գէորգ, Մարլեն, Սանտրա Ճէրէճեաններ
Տէր եւ տիկին Յովսէփ Չուլճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժիրօ եւ Ժաքլին Ժամկոչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ժուլիեթ Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Ժոսլին Փաթրիքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էլի եւ Սիլվիա Քուփալի եւ զաւակունք
Ճէրէճեան եւ Պենիամին ընտանիքներ
Պայթայեան եւ Չուլճեան ընտանիքներ
Ժամկոչեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Փաթրիքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՄԱՐԻԺԱՆ ՃԷՐԷՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԵՆԻԱՄԻՆ)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ երեքշաբթի, 15 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

 —————————————————————————- 

   

baguèr1

ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ

ՄՈՒԼՈՒԽԻԷ ՀԱՒՈՎ

Գին` 17.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
www.badguer.com

—————————————————————————-

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական
Կեդրոնի Նախազգուշական Բաժանմունք

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ

Նիւթ`
«Ընտանեկան Առողջութիւնը»

Շարքին վերջին դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2015-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:

Նիւթ`

«ԳԼԽԱՊՏՈՅՏԻ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ»

Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ԷԼԻ ԹԱՇՃԵԱՆ
(Ընդհանուր մարմնի բժիշկ)

—————————————————————————-

ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՈԼԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2016-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:

Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր` դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:

Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական ու հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 31 մայիս 2016:

Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):

Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:

Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Դատակազմի անդամներն են` Գերշ. Տ. Վարուժան արք. Հերկելեան, Հոգշ. Տ. Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), Տեարք Արմէն Իւրնէշլեան, Համբիկ Պիլալեան եւ օրդ. Գեղանի Էթիեմէզեան:

ԴԻՒԱՆ` Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՈԼԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ

Դատակազմի հասցէն.-

Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O. Box 70317
Antelias – Lebanon

E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org

Ծանօթ: Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր:

Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:

—————————————————————————-

Համազգային Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

Նախագահութեամբ`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՍ ԵՒ ՎԱԼԱՆԹԻՆԱ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆՆԵՐՈՒ

Կ՛երգեն

ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 5 յունուար երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Լը Ռոյալ» պանդոկի «Փըրլ» սրահին մէջ:

Տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ, Համազգայինի գրախանութ եւ «Ճեքա» հաստատութիւն կամ հեռաձայնել 76-496696 թիւին:

—————————————————————————-

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն

ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 8 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Թուագրուած տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ, Համազգայինի գրախանութ կամ հեռաձայնել 76-496696 թիւին:

—————————————————————————-

 

 

ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ

Այնճարի մէջ: Դիմել` հեռ. 01-200040 եւ 03-252992:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Այր մարդու զգեստի դերձակատուն մը կարիքը ունի կարի մեքենայի վրայ աշխատող եւ ձեռային գործեր կատարող երիտասարդուհիներու: Դիմել` հեռ. 01-200040:

————————————————————————–

 

logo-JemaranՀամազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան
Ճեմարանի
Ծնողական յանձնախումբ

ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Տեղի կ՛ունենայ 16, 17 եւ 18 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30, Ճեմարանի «Գարագաշեան» սրահին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————————————————-

Logo-Artsakh

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

17 – 18 – 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (ՀԵՀՈՄ)
ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

11, 12, 13, 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՇԱԲԱԹ, 19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

—————————————————————————-

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՆՈՒՆԷ ԵՍԱՅԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016  

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>