ՄԱՀԱԶԴ
Օրիորդներ Վարդուհի, Արաքսի եւ Արշօ Պապէեաններ
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Յասմիկ Պապէեան եւ զաւակները` Մելքոն եւ Ռուբէն
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Վարդուկ Պապէեան
Տէր եւ տիկին Խաժակ եւ Վերոնիք Պապէեան եւ զաւակները` Տարօն եւ Ռէհան
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Սէսիլ Պապէեան եւ դստերք` Մելինէ եւ Վանա
Տէր եւ տիկին Արսէն եւ Զուարթ Մելքոնեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Ռիթա
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Մարութ Չէօրեքճեան եւ դստերք` Բալիկ եւ Լորիկ
Տիկին Արտա Պապէեան եւ զաւակները` Փոլ, Նժդեհ եւ Արազ
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Հայկուշ Յովհաննէսեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Պայծառ Սարգիսեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Աստղիկ Յովհաննէսեան եւ ընտանիք
Աբրահամեան եւ Յովհաննէսեան ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Ճէլոյեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՌԷՀԱՆ ՊԱՊԷԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 18 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 19 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ չորեքշաբթի, 20 եւ հինգշաբթի, 21 յունուարին, հանգուցեալին բնակարանը, Պուրճ Համուտ, Մարաշ թաղ
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Զեփիւռ Վարդապետեան եւ զաւակը` Գառնիկ
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Կրէյս Գոժայեան եւ զաւակունք
Տիկին Անի Վարդապետեան եւ զաւակունք
Տիկին Թագուհի Վահրատեան
Տիկին Քարոլին Վահրատեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Տեշօղլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նշան Յակոբեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Փոլ Նեսիմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նշան Վարդապետեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ Վարդապետեան եւ զաւակունք
Վարդապետեան եւ Գոժայեան ընտանիքներ
Վահրատեան եւ Տեշօղլեան ընտանիքներ
Յակոբեան եւ Նեսիմեան ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Աւագեան ընտանիքներ
Զատիկեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 18 յունուար 2016-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 19 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ չորեքշաբթի, 20 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, հանգուցեալին բնակարանը, Պուրճ Համուտ:
—————————————————————————-
Կազմակերպութեամբ`
Ազգային Աքսոր Գասարճեան
Վարժարանի Ծնողական Խորհուրդին
ՃԱՇԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ`
Ս. ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 6:30-էն սկսեալ, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի շրջափակին մէջ:
—————————————————————————-
Կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Զաւարեան»
ուսանողական միութեան
ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ
ՀՅԴ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ
ԱՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ
Կը մասնակցին`
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ եւ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 22 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
—————————————————————————-
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը այս տարի կը զուգադիպի կիրակի, 24 յունուար 2016-ին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ աւանդական մատաղի օրհնութիւն եւ տօնախմբութիւն:
Բոլոր այն հաւատացեալները, որոնք երեք օրուան ծոմապահութեան մէջ են, Ս. հաղորդութիւն պիտի ստանան չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ:
Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք մատաղի համար ոչխար պիտի նուիրեն կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն պիտի կատարեն, թող բարեհաճին դիմել եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդին գրասենեակը, քարտուղարութեան եւ կամ հեռաձայնել 01-259861 թիւին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ԻՄԱՄ ՊԱՅԸԼՏԸ
+ ԵՂԻՆՁ
Գին` 15.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
www.badguer.com
—————————————————————————-
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի
Նախազգուշական բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՆՈՐ ՇԱՐՔ
Շարքին երկրորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Նիւթ`
«ՀԱՄԵՄՆԵՐՈՒ ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»
Դասախօս`
ՄԱՐԻԱ ԹԷՔԷԵԱՆ
(Սննդագէտ)
—————————————————————————-
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՆՇԵՆԻՆԵՐ
ՅՈՒՇԵՐՈՒ ՇԱՐՔԷՆ»
Հեղինակ` ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
KARAYAN Publishing
Publisher & designer
Նիկոսիա, 2015
—————————————————————————-
ՁԵՌԱԳՈՐԾԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբը կը կազմակերպէ հայկական ձեռագործներու դասընթացք (Այնթապ, Մարաշ, Ուրֆա, Սվազ):
Արձանագրուելու համար հեռաձայնել ձեռարուեստի վաճառատուն` մինչեւ 30 յունուար 2016: Հեռ. 01-240586:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Քարաշէն տուն, Այնճարի մէջ, նոր շինութիւն, կղմինտրով: Շատ լաւ վիճակի մէջ: Կահաւորուած կամ առանց կահոյքի: Մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել 70/393789 թիւին:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Secile հաստատութիւնը` Պուրճ Համուտի մէջ, կարիքը ունի կանացի հագուստ ձեւող եւ կարող փորձառու դերձակներու եւ դերձակուհիներու: Դիմել` հեռ. 03-217831 կամ 01-252251:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Այնճարի մէջ, 3 յարկանի, հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 03-321252 թիւին:
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ Լ. ԵՒ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՔՈԼԵՃԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
CHEESE & WINE
ՇԱԲԱԹ, 30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
—————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ
10 ՄԱՐՏ 2016