Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (20 Յունուար 2016)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Սարգիսեան ընտանիք կը գուժէ

ԱՐԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 19 յունուար 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Կիպրոսի մէջ:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Սարգիս Ալպարեան
Տէր եւ տիկին Սամուէլ Ալպարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեւակ Ալպարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վաչէ Ալպարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պերճ Ալպարեան եւ զաւակունք
Տիար Արա Ալպարեան եւ զաւակը
Ալպարեան եւ Ֆրնզլեան ընտանիքներ
Մուրատեան եւ Պետոյեան ընտանիքներ
Քէօշկերեան եւ Պեհզատէ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`

ՍԻՐԱՐՓԻ ԱԼՊԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՖՐՆԶԼԵԱՆ, 1933-ին)

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 18 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի վաղը` հինգշաբթի, 21 յունուար 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ ուրբաթ, 22 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————————————————-

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Սագօ Աճեմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մանուէլ Աճեմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մինաս Աճեմեան եւ զաւակունք
Օրդ. Վերա Աճեմեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՐԳԻՍ ԱՃԵՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1931-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 19 յունուար 2016-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 20 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ հինգշաբթի, 21 եւ ուրբաթ, 22 յունուարին, Նորաշէնի ՀՅԴ «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

—————————————————————————-

Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ

Այս տարի Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը կիրակի, 24 յունուար 2016-ին է: Սուրբին անուանակոչութիւնը եւ եկեղեցւոյ ուխտի տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ թուականին:

Մեր կրօնական կանոններուն եւ ազգային աւանդութեանց համաձայն, պիտի պատրաստուի ուխտի մատաղ ճիտապուր` անցեալ տարիներուն պէս:

Առ այդ, այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք մատաղի համար ոչխար /արու անարատ/ պիտի նուիրեն կամ անոր փոխարէն նուիրատուութիւն պիտի կատարեն, թող բարեհաճին դիմել եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդին գրասենեակը, քարտուղարութեան եւ կամ հեռաձայնել 01-259861 թիւին:

ԾԱՆՕԹ.- Ոչխարները պէտք է բերել առաւելագոյնը, մինչեւ շաբաթ, 23 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————————————————-

Կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Զաւարեան»
ուսանողական միութեան

ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ

ՀՅԴ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ
ԱՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ

Կը մասնակցին`
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ եւ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 22 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

—————————————————————————-

baguèr1

ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ

ՆՈՒՅ ՀԱՒՈՎ
+ ԱՂՑԱՆ

Գին` 16.000 լիբ. ոսկի

Հեռ. 01-240214
www.badguer.com

—————————————————————————-

Կազմակերպութեամբ`
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի
Խնամակալութեան

«CHEESE & WINE»-Ի ԵՐԵԿՈՅ

Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 30 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ:

—————————————————————————-

logo-artsakh.gif

Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`

Մարիամ Հաւանճեանի մահուան առիթով, փոխան ծաղկեպսակի`
Սեւակ Խորժեան 50.000 լ. ո.

—————————————————————————-

ՁԵՌԱԳՈՐԾԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբը կը կազմակերպէ հայկական ձեռագործներու դասընթացք (Այնթապ, Մարաշ, Ուրֆա, Սվազ):

Արձանագրուելու համար հեռաձայնել ձեռարուեստի վաճառատուն` մինչեւ 30 յունուար 2016: Հեռ. 01-240586:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

Քարաշէն տուն, Այնճարի մէջ, նոր շինութիւն, կղմինտրով: Շատ լաւ վիճակի մէջ: Կահաւորուած կամ առանց կահոյքի: Մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել 70/393789 թիւին:

—————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Secile հաստատութիւնը` Պուրճ Համուտի մէջ, կարիքը ունի կանացի հագուստ ձեւող եւ կարող փորձառու դերձակներու եւ դերձակուհիներու: Դիմել` հեռ. 03-217831 կամ 01-252251:

—————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ

Այնճարի մէջ, 3 յարկանի, հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 03-321252 թիւին:

—————————————————————————-

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեքիրմենճեան» խոհանոցին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Փոլ Չալեանի մահուան առիթով`
Տէր եւ տիկին Գէորգ Փօլատեան 100.000 լ. ո.

Ովսաննա Հալաճեանի մահուան առիթով`
Տէր եւ տիկին Սթիւ Սապունճեան 50$
Տէր եւ տիկին Գէորգ Փոլատեան 50$

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016  

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016  

—————————————————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ

10 ՄԱՐՏ 2016

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>