ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը կը գուժէ իր գործօն անդամներէն
ՏՈՔԹ. ԿԱՐՕ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 5 մարտ 2020-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիլվա Մահսէրէճեան
Տէր եւ տիկին Սեւակ Մահսէրէճեան
Տէր եւ տիկին Գուրգէն Թովմասեան
Օրդ. Դալար Մահսէրէճեան
Մահսէրէճեան եւ Իսկիկեան ընտանիքներ
Մարկոսեան եւ Մելիքեան ընտանիքներ
Շատարեւեան եւ Պաղտատլեան ընտանիքներ
Չորպաճեան եւ Ռաժու ընտանիքներ
Քէչէճեան եւ Խտըրլարեան ընտանիքներ
Կիտընզ եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Թաշճեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՏՈՔԹ. ԿԱՐՕ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 5 մարտ 2020-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 6 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 7 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 եւ կիրակի, 8 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենար չորեքշաբթի, 11 մարտ 2020-ին, ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ Է 24 ՄԱՐՏ 2020-ին, նոյն վայրին մէջ եւ նոյն ժամուն:
————————————-
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ-ԳԻՆԵՁՕՆ
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի հրատարակած հատորներուն`
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ԵՒ
ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ
ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ
THE ORIGINS OF THE HNCHAKIAN PARTY IN GENEVA
AND THE LEGACY OF THE TWENTY GALLOWS
Շաբաթ, 14 մարտ 2020, երեկոյեան ժամը 7:30-ին.
Hotel Promenade-ի սրահին մէջ,
120 Amaret Chalhoub, Zalka Shopping District
Հատորները կը ներկայացնէ`
Իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան
Խօսք կ՛առնեն`
ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն
դոկտ. փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան
ՀՀ ԳԱԱ պատ. դոկտ. Ժիրայր Դանիէլեան
Սրտի խօսք`
Աստուածաբան. գիտ. դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Ձեռնարկը կը վարէ`
ՍԻԼՎԱ ԵՓՐԵՄԵԱՆ
Կը յաջորդէ գիրքերու մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:
ՀՐԱՒԷՐ
————————————-
ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2020-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր` դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական ու հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 30 յունիս 2020:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Դատակազմի անդամներէն են` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, տեարք Համբիկ Պիլալեան, Սարգիս Նաճարեան, Յակոբ Լատոյեան եւ օրդ. Գեղանի Էթիեմէզեան:
ԴԻՒԱՆ` Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Դատակազմի հասցէն.-
Armenian Catholicosate of Cilicia
P. O. Box 70317
Antelias – Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Խնդրանք: Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
ՈՒՐԲԱԹ, 24 ԱՊՐԻԼ 2020