ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Նահապետ եւ Թինա Թագաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Աստղիկ Աբիկեան եւ զաւակը
Տիկին Շողիկ Թագաճեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Սեւան Աւագեան եւ զաւակունք
Օրդ. Մարի Թագաճեան
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Վերա Թագաճեան եւ զաւակունք
Թագաճեան եւ Համալեան ընտանիքներ
Աբիկեան եւ Աւագեան ընտանիքներ
Սարեան եւ Թոգաթլեան ընտանիքներ
Դաւիթեան եւ Հոյիքեան ընտանիքներ
Միքայէլեան եւ Հաննէեան ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Եագուպ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹԱԳԱՃԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 8 մարտ 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 10 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, երեքշաբթի, 10 եւ չորեքշաբթի, 11 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————-
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ
ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒՆՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ – ԳԻՆԵՁՕՆԸ
ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ Է
Հիմք ընդունելով եւ յարգելով Լիբանանի կառավարութեան գործադիր հրամանագիրը, որ տրուած էր ուրբաթ, 6 մարտ 2020-ին, դադրեցնելու-կասեցնելու համար բոլոր հասարակական հաւաքները, սեմինարները, հանրային դասախօսութիւնները, դպրոցներն ու համալսարանները, այլեւ ժողովները, միաժամանակ հաշուի առնելով պսակաձեւ վարակիչ ախտէն յարգարժան բոլոր ներկաներու հանրային առողջութեան անվտանգութիւնը, ստիպուած պիտի ըլլամ շաբաթ, 14 մարտ 2020-ին նախատեսուած հատորներուս շնորհահանդէսը յետաձգելու մինչեւ ցնոր տնօրինում:
Ներողութիւն` կամքէ անկախ պայմաններու բերումով ստեղծուած անյարմար կացութեան համար:
ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
ՈՒՐԲԱԹ, 24 ԱՊՐԻԼ 2020