Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (14 Մարտ 2020)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սոնա Թաշճեան եւ զաւակը` Վահագն
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Սալբի Թաշճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարօ Տէր Ղուկասեան եւ զաւակունք
Տիկին Սօսէ Թաշճեան
Տիկին Սոնա Զէյթլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հայկազուն եւ Անի Զէյթլեան
Տիկին Արշօ Զէյթլեան
Թաշճեան եւ Զէյթլեան ընտանիքներ
Մանճեան եւ Աբրահամեան ընտանիքներ
Շըրիգեան եւ Հաւաթեան ընտանիքներ
Սէպէեան եւ Դաւիթեան ընտանիքներ
Խօշեան եւ Գէորգեան ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Տարագճեան ընտանիքներ
Քեչէճեան եւ Ղուկասեան ընտանիքներ
Տէր Ղուկասեան եւ Քիւրքճեան ընտանիքներ
Պիտանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց զաւկին, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Այնճար, 1972-ին)

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 13 մարտ 2020-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 14 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 15 մարտին, նոյն վայրին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երկուշաբթի, 16 մարտին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան:

————————————-

«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.»-ԷՆ ՀԵՏԵՒԵՑԷ՛Ք
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻ ՄԸ

Վաղը` կիրակի, 15 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 5:45-ին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին սփռելիք «Սաքաթալ ժապալ» յայտագիրէն հետեւեցէ՛ք Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի ունենալիք հարցազրոյցին:

«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտագիրը կը պատրաստէ ու կը ներկայացնէ հաղորդավար Տանի Հատտատ:

————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

ՈՒՐԲԱԹ, 24 ԱՊՐԻԼ 2020

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>