ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆԸ` ՋՆՋՈՒԱԾ
Թաշճեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց զաւկին, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին` ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆի մահուան սուգին, տեղեկացնելով, որ նախապէս ճշդուած ցաւակցութեանց այն ընդունելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենար այսօր` երկուշաբթի, 16 մարտին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ջնջուած է «Քորոնա» ժահրին ստեղծած կացութեան պատճառով:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սոնա Թաշճեան եւ զաւակը` Վահագն
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Սալբի Թաշճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարօ Տէր Ղուկասեան եւ զաւակունք
Տիկին Սօսէ Թաշճեան
Տիկին Սոնա Զէյթլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հայկազուն եւ Անի Զէյթլեան
Տիկին Արշօ Զէյթլեան
Թաշճեան եւ Զէյթլեան ընտանիքներ
Մանճեան եւ Աբրահամեան ընտանիքներ
Շըրիգեան եւ Հաւաթեան ընտանիքներ
Սէպէեան եւ Դաւիթեան ընտանիքներ
Խօշեան եւ Գէորգեան ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Տարագճեան ընտանիքներ
Քեչէճեան եւ Ղուկասեան ընտանիքներ
Տէր Ղուկասեան եւ Քիւրքճեան ընտանիքներ
Պիտանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց զաւկին, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Այնճար, 1972-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 13 մարտ 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 14 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
ՈՒՐԲԱԹ, 24 ԱՊՐԻԼ 2020