ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը կը գուժէ երկար տարիներու նախկին ազգային երեսփոխան, Ազգային վարչութեան եւ Տնտեսական խորհուրդի նախկին ատենապետ`
ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 8 ապրիլ 2020-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Սօսի Պէրպէրեան-Պարսումեան
Վահրամ Պարսումեան եւ ընտանիք
Անի Պարսումեան-Աժուզ եւ ընտանիք
Արա Պարսումեան եւ ընտանիք
Նախկին նախարար Շահէ Պարսումեան եւ ընտանիք
Պարսումեան եւ Պէրպէրեան ընտանիքներ
Սրուր եւ Եկաւեան ընտանիքներ
Լթէյֆ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին
ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1941-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 8 ապրիլ 2020-ին:
Նկատի ունենալով ներկայ պայմանները` յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին այսօր` հինգշաբթի, 9 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, միայն սեղմ ընտանիքի անդամներուն ներկայութեան:
Երբ պայմանները արտօնեն, պիտի ճշդուի հոգեհանգիստի եւ ցաւակցութեան թուական:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Մարալ Անթոյեանի հարազատները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին, ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, «Ազդակ»-ին եւ «Վանայ ձայն»-ին` Մարալ Անթոյեանի խնամքին եւ թաղման իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան Մարալ Անթոյեանի մահուան սուգին: