Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (10 Ապրիլ 2020)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Սօսի Պէրպէրեան-Պարսումեան
Վահրամ Պարսումեան եւ ընտանիք
Անի Պարսումեան-Աժուզ եւ ընտանիք
Արա Պարսումեան եւ ընտանիք
Նախկին նախարար Շահէ Պարսումեան եւ ընտանիք
Պարսումեան եւ Պէրպէրեան ընտանիքներ
Սրուր եւ Եկաւեան ընտանիքներ
Լթէյֆ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին

ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1941-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 8 ապրիլ 2020-ին:

Նկատի ունենալով ներկայ պայմանները` յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները կատարուեցան հինգշաբթի, 9 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, միայն սեղմ ընտանիքի անդամներուն ներկայութեան:

Երբ պայմանները արտօնեն, պիտի ճշդուի հոգեհանգիստի եւ ցաւակցութեան թուական:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

————————————-

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Հայ Ազգային բուժարանի խնամակալութիւնը կու գայ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնելու երբեմնի իր ատենապետին` տիկին Սօսի Պարսումեանին, իր ամուսնոյն` տիար Ժիրայր Պարսումեանի մահուան առիթով: Անոր յիշատակը մեր մէջ անմար պիտի մնայ, որովհետեւ ան իր կողակիցին հետ միասնաբար միշտ նեցուկ կանգնած էր բուժարանի բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան աշխատանքներուն:

Խունկ ու աղօթք իր յիշատակին:

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

————————————-

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Մարալ Անթոյեանի հարազատները անոր խնամքին եւ թաղման գծով  ցուցաբերուած աջակցութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնեն նաեւ ԱՖՀԻԼ-ին:

————————————-

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles