ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1987-ի շրջանաւարտներէն
ՎԻՔԹՈՐԻԱ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 13 մարտ 2021-ին:
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Անթիլիասի ուխտի օրուան առիթով, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 21 մարտ 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ, մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով պիտի կատարուի ջրօրհնէք:
Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը.-
Ա) Թագաժահրին ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով եւ հաւատացեալներուն առողջապահութեան նկատմամբ մեր ունեցած պատասխանատուութենէն մեկնելով` Լուսաւորիչ հայրապետին Ս. Աջով թափօր պիտի չկազմուի:
Բ) Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Ս. Աջը պիտի տեղադրուի Ս. Խորանին բեմին վրայ եւ հոն պիտի մնայ մինչեւ իրիկուան ժամը 7:00: Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարողանան ստանալ Ս. Աջին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ օրհնուած ջուրը:
Գ) Յիշեալ եկեղեցական արարողութիւնը ուղիղ պիտի սփռուի կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Եութիուպ»-ի պաշտօնական էջերէն:
Կը սպասենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները այս պատասխանատուութեամբ մասնակից դառնան եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան` յարգելով թագաժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՖՈՆՏ»-ԻՆ
Ե. ՑԱՆԿ
Լիւսի Թիւթիւնճեանի մահուան առիթով`
– Տիկին Արուս Քրիստանեան 500 ամ. տոլար
– Տիկին Վալենթին Պէրպէրեան 500 ամ. տոլար