«Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ
ստանալու համար արձանագրուեցէ՛ք.
covax.moph.gov.lb
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Անթիլիասի ուխտի օրուան առիթով, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 21 մարտ 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ, մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով պիտի կատարուի ջրօրհնէք:
Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը.-
Ա) Թագաժահրին ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով եւ հաւատացեալներուն առողջապահութեան նկատմամբ մեր ունեցած պատասխանատուութենէն մեկնելով` Լուսաւորիչ հայրապետին Ս. Աջով թափօր պիտի չկազմուի:
Բ) Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Ս. Աջը պիտի տեղադրուի Ս. Խորանին բեմին վրայ եւ հոն պիտի մնայ մինչեւ իրիկուան ժամը 7:00: Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարողանան ստանալ Ս. Աջին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ օրհնուած ջուրը:
Գ) Յիշեալ եկեղեցական արարողութիւնը ուղիղ պիտի սփռուի կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Եութիուպ»-ի պաշտօնական էջերէն:
Կը սպասենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները այս պատասխանատուութեամբ մասնակից դառնան եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան` յարգելով թագաժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԵՒԱՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 մարտ 2021-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԺՈՐԺ ԳԱԼՕՂԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 մարտ 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ վարչական անդամուհիին`
ԱՆԺԵԼ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 17 մարտ 2021-ին, Հայաստանի մէջ: