«Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ
ստանալու համար արձանագրուեցէ՛ք.
covax.moph.gov.lb
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 19 մարտ 2021-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը կը գուժեն Շրջանային վարչութեան երկար տարիներու անդամ, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի հիմնադրութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած բազմավաստակ համազգայնական`
ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 19 մարտ 2021-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը կը գուժէ կրթական մշակ եւ Պուրճ Համուտի հանրային գրադարանի տարիներու պատասխանատու
ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 19 մարտ 2021-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Զեփիւռ Տէմիրճեան եւ զաւակները` Նարեկ, Նարէ եւ Սարգիս
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Նարօտ Աւագեան
Տէր եւ տիկին Յովան եւ Նանար Թնճուկեան եւ զաւակը` Ատոմ
Տիար Յարութիւն Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նուպար եւ Ազնիւ Տէմիրճեան եւ զաւակունք
Տիկին Այտա Այվազեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Անի Տէմիրճեան եւ զաւակունք
Օրդ. Արփի Տէմիրճեան
Տէմիրճեան եւ Աւագեան ընտանիքներ
Թնճուկեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Այվազեան եւ Տաղտէվիրեան ընտանիքներ
Շահմելիքեան եւ Փափազեան ընտանիքներ
Նաժժար ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 19 մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 3:00-ին:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 20 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին:
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Անթիլիասի ուխտի օրուան առիթով, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 21 մարտ 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ, մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով պիտի կատարուի ջրօրհնէք:
Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը.-
Ա) Թագաժահրին ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով եւ հաւատացեալներուն առողջապահութեան նկատմամբ մեր ունեցած պատասխանատուութենէն մեկնելով` Լուսաւորիչ հայրապետին Ս. Աջով թափօր պիտի չկազմուի:
Բ) Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Ս. Աջը պիտի տեղադրուի Ս. Խորանին բեմին վրայ եւ հոն պիտի մնայ մինչեւ իրիկուան ժամը 7:00: Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարողանան ստանալ Ս. Աջին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ օրհնուած ջուրը:
Գ) Յիշեալ եկեղեցական արարողութիւնը ուղիղ պիտի սփռուի կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Եութիուպ»-ի պաշտօնական էջերէն:
Կը սպասենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները այս պատասխանատուութեամբ մասնակից դառնան եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան` յարգելով թագաժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԵՒԱՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 մարտ 2021-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԺՈՐԺ ԳԱԼՕՂԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 մարտ 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ»-ԻՆ
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Սեդա Սաւուլեան-Պաղտասարեանի մահուան առիթով`
– Աստուրեան Անի 100 ամ. տոլար