Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (25 Մարտ 2021)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մարի Չորպաճեան-Ժոլաք
Տէր եւ տիկին Փաոլօ եւ Անի Ժոլաք եւ զաւակունք
Օրդ. Փոլինա Ժոլաք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Անի Պաղտասարեան եւ զաւակունք (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Արեւ Ասքանեան եւ զաւակունք
Ժոլաք եւ Սոլաքեան ընտանիքներ
Չորպաճեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքներ
Ասքանեան եւ Պայրագտարեան ընտանիքներ
Հատտատ եւ Տրիտի ընտանիքներ
Զէյնուն եւ Նատեր ընտանիքներ
Ժեզեիրլեան եւ Գապաքեան ընտանիքներ
Աւետիսեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ԶԱՒԷՆ ԺՈԼԱՔԻ (ՍՈԼԱՔԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 24 մարտ 2021-ի առաւօտեան, Հայաստանի մէջ:

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 26 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Հայաստանի մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները` հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնով:

Փաոլօ` 03-273127, Փոինա` +971 56 6489013
Անի` 03-881440, Արեւ (Աւստրալիա)` +61 405 126021
Անի (Աւստրալիա)` +61 417 881221:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Գարէն Պրունսուզեան եւ զաւակունք
Տիար Պերճ Պրունսուզեան
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Շաքէ Աշճեան եւ զաւակունք
Տիկին Նորա Պրունսուզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Հուրի Պրունսուզեան եւ զաւակունք
Տիկին Տիանա Մանկասարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Նաթալի Արթինեան եւ զաւակը
Պրունսուզեան եւ Աշճեան ընտանիքներ
Մանկասարեան եւ Արթինեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, մօրեղբօր, տագրոջ, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ՎՐԷԺ ՊՐՈՒՆՍՈՒԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1937-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 24 մարտ 2021-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 25 մարտին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մատրան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները` հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնի միջոցով:

Վահէ` 70-869839:

—————————————

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԸ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 28 մարտ 2021-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ

պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔ. ՉՕԼՈՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւն:

Պիտի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը.

Ա) Թագաժահրին ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով եւ հաւատացեալներուն առողջապահութեան նկատմամբ մեր ունեցած պատասխանատուութենէն մեկնելով, փոքրերու թափօր պիտի չկազմուի, սակայն վեհարանի մուտքին մեր փոքրիկները պիտի ստանան վեհափառ հայրապետին նուէրը:

Բ) Եկեղեցական արարողութիւնները ուղիղ պիտի սփռուին կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Եութիուպ»-ի պաշտօնական էջերէն:

Կը սպասենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, յարգելով թագաժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները, պատասխանատուութեամբ մասնակից դառնան եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններուն:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Կիրակի, 28 մարտ 2021-ին

Հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ

Կը պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը կ՛ուղղէ
Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 9:30-ին

Համաճարակի պայմաններուն պատճառով Ծաղկազարդի մանուկներու թափօրը ջնջուած է:

Տօնական առիթներով մեր եկեղեցւոյ զաւակներէն կը խնդրենք զգուշ ըլլալ նաեւ եկեղեցիներուն մէջ եւ բոլոր առիթներով յարգել առողջապահական կանոնները:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

—————————————

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Պիտի պատարագէ եւ նախագահէ հետեւեալ եկեղեցական արարողութիւններուն.

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ`                             Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
ԴՌՆԲԱՑԷՔ`                                  Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ռըմէյլ)
ՈՏՆԼՈՒԱՅ`                                   Ս. Աստուածածին եկեղեցի
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ`              Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
ԹԱՂՈՒՄՆ ՏԵԱՌՆ` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ`                                                Ս. Սարգիս եկեղեցի
ՏՕՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ`             Ս. Նշան մայր եկեղեցի

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

—————————————

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ, ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ
ԵՒ Ս. ԶԱՏԻԿԸ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ծաղկազարդի, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկուան սրբազան արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն.

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ, ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՄԱՐՏ 2021

– Սուրբ եւ անմահ պատարագ`                             Առաւօտեան ժամը 9:30-ին
– Դռնբացէքի արարողութիւն`                                Երեկոյեան ժամը 4:00-ին

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 30 ՄԱՐՏ 2021

– Յիշատակ Տասն Կուսանաց – Ժամերգութիւն`                         Երեկոյեան ժամը 4:00-ին

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 1 ԱՊՐԻԼ 2021

– Կարգ Ապաշխարողաց – Ս. պատարագ`      Առաւօտեան ժամը 9:30-ին
– Կարգ Ոտնլուայի`                                            Երեկոյեան ժամը 4:00-ին
– Կարգ Խաւարման`                                          Երեկոյեան ժամը 7:00-ին

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ, 2 ԱՊՐԻԼ 2021

– Կարգ Թաղման`                          Երեկոյեան ժամը 4:00-ին

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, 3 ԱՊՐԻԼ 2021

– Ճրագալոյցի Ս. պատարագ`                Երեկոյեան ժամը 4:00-ին

ՏՕՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԿԻՐԱԿԻ, 4 ԱՊՐԻԼ 2021-ԻՆ

– Ս. եւ անմահ պատարագ`                     Առաւօտեան ժամը 10:00-ին

ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ, ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 5 ԱՊՐԻԼ 2021

– Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ առաւօտեան ժամը 8:00-ին կը մատուցուի Ս. պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն վասն համօրէն ննջեցելոց ազգիս հայոց: Այնուհետեւ ժամը 10:30-ին, Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ եւս կը մատուցուի Ս. պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն:

ԾԱՆՕԹ.

Թագաժահրի վտանգաւոր պայմաններուն պարտադրանքով, Ծաղկազարդի եւ Թաղման կարգի թափօրները տեղի պիտի չունենան: Մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներէն կը խնդրենք տօնական բոլոր առիթներով զգուշ ըլլալ, անտեղի խճողումներ չստեղծել եւ ամէն առիթներով յարգել առողջապահական կանոնները:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>