Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (27 Մարտ 2021)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Ռուպինա Թորոսեան եւ զաւակունք
Տիար Ռուբէն Ճերիտեան եւ զաւակունք
Տիկին Ռամելա Ճերիտեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Սահակ Աճէմեան եւ զաւակունք
Տիկին Եսթեր Աճէմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Փաթրիք Տէր Աբրահամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեպուհ Ճերիտեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Նիկողոսեան
Աճէմեան եւ Խաչատուրեան ընտանիքներ
Պալթայեան եւ Նիկողոսեան ընտանիքներ
Տէր Աբրահամեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
Մահսէրէճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԶԱՐՈՒՀԻ ՃԵՐԻՏԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 26 մարտ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, բնակարանին մէջ:

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 27 մարտին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները` հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հեռաձայնի միջոցով:

Ռուպինա` +514 4496644
Ռուբէն` 03-664646
Ռամելա` 03-387070

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Կարապետ (Կարօ) եւ Ժոզեֆին Ազնաւուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Նոյելի Ազնաւուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Անի Դաւիթեան եւ զաւակունք
Ազնաւուրեան եւ Քիլիսլեան ընտանիքներ
Տըմեան եւ Եղիայեան ընտանիքներ
Դաւիթեան եւ Ասսաֆ ընտանիքներ
Մաթար եւ Թաուանի ընտանիքներ
Քլէյթըն ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ԱՆԳԻՆԷ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 23 մարտ 2021-ին, ինքնաշարժի արկածի պատճառով:

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 27 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները` հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնով:

Կարօ` 03-276868, Յակոբ` 03-884013,
Ժան եւ Անի` +33 616485684

—————————————

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Ակնոցավաճառներու եւ տեսողութեան վերաբերող գործիքներու արհեստներու սենտիքայի նախագահն ու անդամները ցաւակցութիւն կը յայտնեն սենտիքայի խորհուրդի անդամ Կարապետ (Կարօ) Ազնաւուրեանին եւ անոր ընտանիքին` անոնց հարազատին` Անգինէ Ազնաւուրեանի մահուան առիթով:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մարի Չորպաճեան-Ժոլաք
Տէր եւ տիկին Փաոլօ եւ Անի Ժոլաք եւ զաւակունք
Օրդ. Փոլինա Ժոլաք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Անի Պաղտասարեան եւ զաւակունք (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Արեւ Ասքանեան եւ զաւակունք
Ժոլաք եւ Սոլաքեան ընտանիքներ
Չորպաճեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքներ
Ասքանեան եւ Պայրագտարեան ընտանիքներ
Հատտատ եւ Տրիտի ընտանիքներ
Զէյնուն եւ Նատեր ընտանիքներ
Ժեզեիրլեան եւ Գապաքեան ընտանիքներ
Աւետիսեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ԶԱՒԷՆ ԺՈԼԱՔԻ (ՍՈԼԱՔԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 24 մարտ 2021-ի առաւօտեան, Հայաստանի մէջ:

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 26 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Հայաստանի մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները` հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնով:

Փաոլօ` 03-273127, Փոինա` +971 56 6489013
Անի` 03-881440, Արեւ (Աւստրալիա)` +61 405 126021
Անի (Աւստրալիա)` +61 417 881221:

—————————————

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԸ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 28 մարտ 2021-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ

պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔ. ՉՕԼՈՅԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւն:

Պիտի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը.

Ա) Թագաժահրին ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով եւ հաւատացեալներուն առողջապահութեան նկատմամբ մեր ունեցած պատասխանատուութենէն մեկնելով, փոքրերու թափօր պիտի չկազմուի, սակայն վեհարանի մուտքին մեր փոքրիկները պիտի ստանան վեհափառ հայրապետին նուէրը:

Բ) Եկեղեցական արարողութիւնները ուղիղ պիտի սփռուին կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Եութիուպ»-ի պաշտօնական էջերէն:

Կը սպասենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, յարգելով թագաժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները, պատասխանատուութեամբ մասնակից դառնան եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններուն:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Կիրակի, 28 մարտ 2021-ին

Հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ

Կը պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը կ՛ուղղէ
Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 9:30-ին

Համաճարակի պայմաններուն պատճառով Ծաղկազարդի մանուկներու թափօրը ջնջուած է:

Տօնական առիթներով մեր եկեղեցւոյ զաւակներէն կը խնդրենք զգուշ ըլլալ նաեւ եկեղեցիներուն մէջ եւ բոլոր առիթներով յարգել առողջապահական կանոնները:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

—————————————

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Պիտի պատարագէ եւ նախագահէ հետեւեալ եկեղեցական արարողութիւններուն.

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ`                             Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
ԴՌՆԲԱՑԷՔ`                                  Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ռըմէյլ)
ՈՏՆԼՈՒԱՅ`                                   Ս. Աստուածածին եկեղեցի
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ`              Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
ԹԱՂՈՒՄՆ ՏԵԱՌՆ` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ`                                                Ս. Սարգիս եկեղեցի
ՏՕՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ`             Ս. Նշան մայր եկեղեցի

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

—————————————

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ, ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ
ԵՒ Ս. ԶԱՏԻԿԸ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ծաղկազարդի, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկուան սրբազան արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն.

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ, ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՄԱՐՏ 2021

– Սուրբ եւ անմահ պատարագ`                             Առաւօտեան ժամը 9:30-ին
– Դռնբացէքի արարողութիւն`                                Երեկոյեան ժամը 4:00-ին

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 30 ՄԱՐՏ 2021

– Յիշատակ Տասն Կուսանաց – Ժամերգութիւն`                         Երեկոյեան ժամը 4:00-ին

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 1 ԱՊՐԻԼ 2021

– Կարգ Ապաշխարողաց – Ս. պատարագ`      Առաւօտեան ժամը 9:30-ին
– Կարգ Ոտնլուայի`                                            Երեկոյեան ժամը 4:00-ին
– Կարգ Խաւարման`                                          Երեկոյեան ժամը 7:00-ին

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ, 2 ԱՊՐԻԼ 2021

– Կարգ Թաղման`                          Երեկոյեան ժամը 4:00-ին

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, 3 ԱՊՐԻԼ 2021

– Ճրագալոյցի Ս. պատարագ`                Երեկոյեան ժամը 4:00-ին

ՏՕՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԿԻՐԱԿԻ, 4 ԱՊՐԻԼ 2021-ԻՆ

– Ս. եւ անմահ պատարագ`                     Առաւօտեան ժամը 10:00-ին

ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ, ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 5 ԱՊՐԻԼ 2021

– Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ առաւօտեան ժամը 8:00-ին կը մատուցուի Ս. պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն վասն համօրէն ննջեցելոց ազգիս հայոց: Այնուհետեւ ժամը 10:30-ին, Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ եւս կը մատուցուի Ս. պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն:

ԾԱՆՕԹ.

Թագաժահրի վտանգաւոր պայմաններուն պարտադրանքով, Ծաղկազարդի եւ Թաղման կարգի թափօրները տեղի պիտի չունենան: Մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներէն կը խնդրենք տօնական բոլոր առիթներով զգուշ ըլլալ, անտեղի խճողումներ չստեղծել եւ ամէն առիթներով յարգել առողջապահական կանոնները:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

—————————————

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

ՄԱՐԶԻԿ
40-րդ տարի, Թիւ 420
  • Խմբագրական- Ոգի, նկարագիր եւ դրո՛շմ
  • Հ.Մ.Ը.Մ.ի խոնարհ զինուորը- Վաչէ Նաճարեան
  • Յետ մահու նամակ- Գառնիկ Մկրտիչեան
  • Ազնուութեան խորհրդանիշը- Վ. Աւագեան
  • Անբասիր Հ.Մ.Ը.Մ.ականը- Կարպիս Գապասագալեան
  • Եղբայր Պատրիկը բացակայ` առաջին անգամ ըլլալով- Սերոբ Սահակեան
  • Վերջին հրաժեշտ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ Պատրիկ Կիւլպէնկեանի
  • Հ.Մ.Ը.Մ. ունի իւրայատուկ նկարագիր, պարտականութիւն, պարտաւորութիւն եւ մանաւանդ կոչում` հայուն մէջ հայը անխառն եւ անաղարտ պահելու համար- Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան
  • Իրենց գծած ճամբէն պիտի տողանցենք ու իրենց լոյսով պիտի առաջնորդուինք- Գէորգ Յակոբճեան
  • Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքի մէջ. 1918-1927 (Գ. մաս)- Յարութ Չէքիճեան
  • Շարունակելու ենք մեր երթը- Սանտրա Վարդանեան
  • Մեր կորուստները / Յովսէփ Մարգարեան

Թիւը կ’ընդգրկէ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքի անդրադարձներ (Հայաստան, Ալմելօ, Մ. Նահանգներ, Գանատա, Վիեննա, Սուրիա, Աւստրալիա): 56 էջ: 5000 լ.ո.

Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>