ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մարդակերտման ու հայակերտման հնոց` դպրեվանքի նոր սաներու արձանագրութիւնները շուտով կը հասնին իրենց աւարտին:
Դպրեվանք կ՛ընդունուին նախակրթարանի 5-րդ դասարանը աւարտած աշակերտներէն սկսեալ մինչեւ վերի կարգի աշակերտներ:
Բնականաբար, դպրեվանքի ուսման եւ յարակից այլ պահանջները միշտ եղած են անվճար:
Դպրեվանք յաճախել փափաքողները տեսչութեան հետ կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով 00961 4 983 634 կամ 00961 71 752 259 թիւերուն կամ դիմելով իրենց եկեղեցւոյ ծխատէր քահանային:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ հանգուցեալ ԱՐՄԱՆՏՕ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆի հոգւոյն, կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի:
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներէն ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՐԹԻՆի նահատակութեան Ա. տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի:
ՅԱՐՈՒԹ (ԱՐԹԻՆ) ՎԱՐԴԱՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԵՍԹԵՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԿԱՐՊՈՒՇԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2021-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
«Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնը կը յայտարարէ, թէ 2021-2022 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին հին եւ նոր աշակերտներու համար ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն 12:00:
Վերամուտ` երկուշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2021-ին (հետեւելով Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան նոր որոշումին):
Հասցէ` Պուրճ Համուտ-Սիս, նախկին Աքսոր Գասարճեան վարժարան:
Tel. 01-261115 e-mail: zvartnotz@hotmail.com
ԲԱՐԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
REFUGIÉ DE PAYS EN PAYS
ԳԱՂԹԱԿԱՆ` ԵՐԿՐԷ-ԵՐԿԻՐ
(Յուշեր եւ պատմուածքներ)
Հեղինակ` ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Վալանս-Ֆրանսա, 2021