ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական
ՄԱՆՈՒԷԼ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ 30 սեպտեմբեր 2021-ին, Թորոնթօ, Քանատա:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ մասնաճիւղի հաւատաւոր անդամներէն
ԱՆԱՀԻՏ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 17 սեպտեմբեր 2021-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ Շրջանային վարչութեան նախկին անդամին`
ՍՈՆԱ ԼԻՊԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 1 հոկտեմբեր 2021-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ սկաուտ խորհուրդը կը գուժեն սկաուտ խորհուրդի նախկին անդամներէն
ՍՈՆԱ ԼԻՊԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 1 հոկտեմբեր 2021-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ մասնաճիւղի հաւատաւոր անդամներէն
ՍՈՆԱ ԼԻՊԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 1 հոկտեմբեր 2021-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Յարութ Լիպարեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Ալին Քէչէպաշեան եւ զաւակները` Դրօ-Հարպիկ եւ Նարօտ
Տէր եւ տիկին Ներսեհ եւ Նանոր Լիպարեան եւ զաւակները` Ալիք եւ Ծովակ
Տէր եւ տիկին Քրիստափոր եւ Արին Լիպարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Վրէժուհի Տէրվիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Սեդա Ճուպանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Պայծառ Տէրվիշեան եւ զաւակունք
Տիկին Զուարթ Էմմիեան եւ ընտանիք
Տիկին Արփի Լիպարեան եւ դուստրը եւ ընտանիք
Քէչէպաշեան եւ Սնապեան ընտանիքներ
Յուսամեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Գասարճեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Թաթարեան եւ Փափազեան ընտանիքներ
Գէորգեան եւ Գամալի ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ, հօրեղբօր եւ մօրեղբօր կնկան եւ հարազատին`
ՍՈՆԱ ԼԻՊԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 1 հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 2 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին`
– Շաբաթ օր, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
– Կիրակի օր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
– Երկուշաբթի օր, «Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Գարակէօզեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով առցանց կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հարազատին` ՍԱՐՀԱՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ հանգուցեալ ԱՐՄԱՆՏՕ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆի հոգւոյն, կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի:
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներէն ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՐԹԻՆի նահատակութեան Ա. տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի:
ՅԱՐՈՒԹ (ԱՐԹԻՆ) ՎԱՐԴԱՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԵՍԹԵՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԿԱՐՊՈՒՇԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 հոկտեմբեր 2021-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ» ՖՈՆՏ-ԻՆ
Առ ի զօրակցութիւն Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամին`
Ազգային մը 2000$
—————————————
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մարդակերտման ու հայակերտման հնոց` դպրեվանքի նոր սաներու արձանագրութիւնները շուտով կը հասնին իրենց աւարտին:
Դպրեվանք կ՛ընդունուին նախակրթարանի 5-րդ դասարանը աւարտած աշակերտներէն սկսեալ մինչեւ վերի կարգի աշակերտներ:
Բնականաբար, դպրեվանքի ուսման եւ յարակից այլ պահանջները միշտ եղած են անվճար:
Դպրեվանք յաճախել փափաքողները տեսչութեան հետ կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով 00961 4 983 634 կամ 00961 71 752 259 թիւերուն կամ դիմելով իրենց եկեղեցւոյ ծխատէր քահանային:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
2021-2022 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու քաջալերանքով, վերջին ութ տարիներուն, կաթողիկոսարանի Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպած Հայագիտական նիւթերու դասընթացքը պիտի շարունակուի նաեւ 2021-2022 կրթական տարեշրջանին: Դասընթացքները տեղի պիտի ունենան շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, յետմիջօրէի ժամը 5:30-8:00:
Ութ ամսուան վրայ երկարող այս անվճար դասընթացքին հետեւողները պարտին ունենալ նուազագոյնը երկրորդական վարժարանի վկայական: Պիտի դասաւանդուին հայագիտական նիւթերու հետ առնչութիւն ունեցող բազմազան նիւթեր:
Դասընթացքը պիտի սկսի ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2021, յետմիջօրէի ժամը 5.30-ին, կաթողիկոսարանին մէջ:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին հետեւիլ նոր տարեշրջանի դասընթացքներուն, արձանագրութեան համար պարտին ներկայանալ գրասենեակի քարտուղարութեան, ուրբաթ, 1 հոկտեմբերէն մինչեւ երեքշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2021, ժամը 8:30-12:00, իրենց հետ ունենալով 1 լուսանկար, ստացած վկայականի, անձնաթուղթի եւ պսակաւոր ժահրի պատուաստ ստանալու հաստատագիրի պատճէնները: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
Վեհափառ հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, Հայագիտական կեդրոնի տնօրէն նշանակուած է տիար Ահարոն Շխրտըմեան:
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
—————————————
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
ՄԱՐԶԻԿ
40-րդ տարի, Թիւ 422
– Խմբագրական- Յաղթե՞լ թէ յաջողիլ…
– ՀՄԸՄ-ական կեանք – Պաշտօնականք
– ՀՄԸՄ-ական մարզիկը կը զատորոշուի իր ազգային նկարագիրով եւ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին հանդէպ մեծ նուիրումով- Վաչէ Նաճարեան
– Լուրջ յառաջխաղացքի մը արձագանգը- Սերոբ Սահակեան
– Սկաուտական կարգի վկայականը, հողին զոհաբերութեան տոմսը- Սերոբ Սահակեան
– ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքին պատմութիւնը- Վ. Աւագեան
– Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու 40 տարիները
– ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքի մէջ. 1918-1927 (Դ. մաս)- Յարութ Չէքիճեան
– Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզական առցանց Ա. համագումարը առաջինը միութեան պատմութեան մէջ
– Համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. առցանց բանակումը արդիական եւ նորարար աշխատանքի նոր ճիգ մը
– Մեր կորուստները / Ժագ Պոյաճեան, Պերճ Թաշճեան, Արսէն Հէքիմեան, Դրօ Մանտալեան
Թիւը կ՛ընդգրկէ նաեւ ՀՄԸՄ-ական կեանքի անդրադարձներ (Հայաստան, Թիֆլիս, Մոսկուա, Լիբանան, Սուրիա, Քուէյթ, Երուսաղէմ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Հոլանտա, Յունաստան): 96 էջ: 5000 լ.ո.
Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ: