Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2331

Յայտարարութիւններ ( 6 Հոկտեմբեր 2021)

$
0
0
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն.
Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2021 Սեպտեմբեր Ամսուան Ամփերի Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած սեպտեմբեր ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդած 3426 լիբ. ոսկի սակին վրայ, կը յայտարարենք.

Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2020 սեպտեմբեր ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.

* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 210 հազար լ. ո. (երկու հարիւր տասը հազար լիբ. ոսկի):

* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 630 հազար լ. ո. (վեց հարիւր երեսուն հազար լիբ. ոսկի):

* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար գանձել 1 միլիոն 50 հազար լ. ո. (մէկ միլիոն յիսուն հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6,10®) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:

Նկատի ունենալով, որ շարժակներու մասնակցութեան սակը բաւական բարձր է եւ անոր բարձրացումը կարելի եղածին չափ հակակշիռի տակ առնելու նպատակով, ելեկտրածին շարժակներու մատակարարման ժամերը պիտի ընդհատուին 7-8 ժամով` հետեւեալ ձեւով.

Շաբթուան բոլոր օրերը, բացի կիրակիները.

– առաւօտեան ժամը 2:00-էն 6:00
– առաւօտեան ժամը 7:30-էն 9:30
– յետմիջօրէի ժամը 3:30-էն 4:30

Կիրակի օրերը.

– առաւօտեան ժամը 2:00-էն 7:00
– առաւօտեան ժամը 10:00-էն 11:00
– յետմիջօրէի ժամը 2:30-էն 4:30

Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէրէ կը պահանջուի այս հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհատման ժամերը լիովին յարգել` քաղաքացիներու շահերուն պահպանման համար: Քաղաքապետութիւնը ներող պիտի չըլլայ եւ համապատասխան օրինական քայլերուն պիտի դիմէ, եթէ ոեւէ սեփականատէր չյարգէ սակերը եւ ճշդուած ժամերէն աւելի երկար ժամեր ընդհատէ ելեկտրականութիւնը, եւ կամ ոեւէ բնակիչի ելեկտրականութիւնը ամբողջովին ընդհատէ` օգտագործելով առկայ տագնապալի վիճակը:

Գ) Քաղաքացիները բաժնեգիները պիտի վճարեն լիբանանեան թղթոսկիով` Ա. կէտով ճշդուած սակերուն հիման վրայ:

Գ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային, որպէսզի համապատասխան բողոք ներկայացնեն, իսկ քաղաքապետարանը պիտի հետապնդէ այդ բողոքները եւ համապատասխան քայլերու պիտի դիմէ որոշումները խախտողներուն հաշուոյն:

Ծանօթ.- Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` հաշուիչ մեքենաներ ունեցող բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.-

5 ամփեր` 30 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփեր` 40 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփերը գերազանցողներու պարագային, իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար 15 հազար լիբ. ոսկի պիտի աւելնայ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

—————————————

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Կիրակի, 10 հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ Անթիլիասի դպրեվանքի 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի բացման առիթով:

Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(ՏԵՍՈՒՉ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ)

Ս. պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի 2021-2022 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը, որուն աւարտին վեհափառը պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Թարգմանչաց սերունդին ոգեկոչման արարողութեան եւ աղօթակից դառնալու դպրեվանեցիներուն` բարի վերամուտ մը ունենալու մաղթանքով:

ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ

—————————————

ՊԱՀԱԿԻ ԿԱՐԻՔ

Հայ աւետարանական քոլեճը պէտք ունի դպրոցին մէջ բնակող պահակի:
Ենթական պէտք է ըլլայ լիբանանցի եւ ամուսնացած:
Հետաքրքրուողները կրնան ժամադրուիլ հեռաձայնելով 01-349816 թիւին, երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ ժամը 8:30-էն  2:00:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Սոնա Տէրվիշեան-Լիպարեանի մահուան առիթով`
ՀՄԸՄ-ի Ճիւնի մասնաճիւղի վարչութիւնը 500.000 լիբ. ոսկի կը նուիրէ ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղին (Ճիւնի):

—————————————

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Սասնոյ հայրենակցական միութիւնը 3.000.000 լ. ո. կը նուիրէ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2331

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>