Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2331

Յայտարարութիւններ ( 7 Հոկտեմբեր 2021)

$
0
0

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներէն ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆի նահատակութեան Ա. տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 հոկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի:

ԿԱՐԷՆ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 հոկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

Badguèr – Պատկեր

Հինգշաբթի, 7 հոկտեմբերին

Օրուան ճաշը`

Գետնախնձորէ լիցք եւ բրինձով փիլաւ

Սակ` 48.000 լ. ո.

(Delivery) հեռ. 01-240214

—————————————

ՕԳՆԱԿԱՆ ԲՈՒԺՔՈՅՐԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Ազգային առաջնորդարանիս Ընկերային ծառայութիւն բաժանմունքը կու գայ կարեւորութեամբ տեղեկացնելու, որ բաժանմունքիս գործակցութեամբ, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը կը նախաձեռնէ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնին հետ  կազմակերպել  օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան մասնաւոր դասընթացք մը, որուն նպատակն է առողջապահական ոլորտին մէջ պատրաստել երիտասարդ մասնագէտներ, որոնք Լիբանանի ներկայ իրավիճակի պայմաններուն մէջ կրնան կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ մեր կեանքին մէջ:

Դասընթացքները, որոնք պիտի տեւեն երեք ամիս, պիտի իրականանան Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ` արաբերէնով: Ծրագիրի առաջին մասը պիտի ընդգրկէ ուսուցում, իսկ երկրորդ մասը` աշխատանքային մարզին մէջ փորձարկումներ, որոնք պիտի իրականացուին Hotel Dieu De France-ի մէջ եւ Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ գտնուող բուժարանի մը մէջ:

Դասընթացքի աւարտին, ծրագիրին մասնակցողները պիտի ստանան Սեն Ժոզեֆ  համալսարանին կողմէ համապատասխան վկայական-հաստատագիր: Նաեւ, աշխատանքին առնչակից կառոյցները պիտի օգնեն, որ վկայեալները իրենց մասնագիտութեան համապատասխանող աշխատանք գտնեն:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեանց համար,  հաճեցէ՛ք դիմել Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք (նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի շէնքի 3-րդ յարկ), առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:30, եւ  ընկերային ծառայողէն ստանալ անհրաժեշտ ցուցմունքներ:

Բաժանմունքին հետ նաեւ կարելի է կապուիլ հեռաձայնի 01-261117 թիւով:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

—————————————

ՊԱՀԱԿԻ ԿԱՐԻՔ

Հայ աւետարանական քոլեճը պէտք ունի դպրոցին մէջ բնակող պահակի:
Ենթական պէտք է ըլլայ լիբանանցի եւ ամուսնացած:
Հետաքրքրուողները կրնան ժամադրուիլ հեռաձայնելով 01-349816 թիւին, երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ ժամը 8:30-էն  2:00:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2331

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>