ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներէն ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆի նահատակութեան Ա. տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 հոկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի:
ԿԱՐԷՆ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 10 հոկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Կիրակի, 10 հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ Անթիլիասի դպրեվանքի 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի բացման առիթով:
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(ՏԵՍՈՒՉ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ)
Ս. պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի 2021-2022 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը, որուն աւարտին վեհափառը պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Թարգմանչաց սերունդին ոգեկոչման արարողութեան եւ աղօթակից դառնալու դպրեվանեցիներուն` բարի վերամուտ մը ունենալու մաղթանքով:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
2021-2022
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ մանկավարժութեան BT, TS եւ LT պետական քննութեան մասնակցած մեր 17 ուսանողուհիները յաջողած են` ապահովելով մեր կեդրոնին 100% յաջողութիւն:
BT-ի քննութեան յաջողած են հետեւեալ ուսանող-ուսանողուհիները.
Նուէր Աջապահեան, Կաէլ Հատտատ, Աւօ Ասայեան, Լենա Մարգարեան
TS-ի քննութեան յաջողած են հետեւեալ ուսանողուհիները.
Թալին Անսուրեան, Լոռի Քարպապեան, Ռիթա Հատտատ
LT-ի քննութեան յաջողած են հետեւեալ ուսանողուհիները.
Սալբի Աւետիս, Արփի Քասիս, Իրմա Տէտէեան, Լենա Արապողլեան, Մարիա Ղազարեան, Թալին Փափիրեան, Մարալ Խաչերեան, Ռիթա Ներսէսեան, Մարալ Տագէսեան, Թամար Ստեփանեան
Կը շնորհաւորենք մեր ուսանողուհիները:
– 2021-2022 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի ունեցան սեպտեմբեր 24 եւ 28, ժամը 4:00-6:00:
– Դասաւանդութիւնները կը սկսին 8 հոկտեմբեր 2021-ին:
– Մանկավարժական կեդրոնը սերտօրէն կը գործակցի կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնին հետ: Մանրամասնութիւններու համար դիմել քարտուղարութեան:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՊԱՀԱԿԻ ԿԱՐԻՔ
Հայ աւետարանական քոլեճը պէտք ունի դպրոցին մէջ բնակող պահակի:
Ենթական պէտք է ըլլայ լիբանանցի եւ ամուսնացած:
Հետաքրքրուողները կրնան ժամադրուիլ հեռաձայնելով 01-349816 թիւին, երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ ժամը 8:30-էն 2:00: