ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՇՈՂԻԿ ԱԿՈԲԵԱՆի (ծնեալ` ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 յունուար 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սիլվա Քէշիշեան եւ զաւակները` Պօղոս եւ Ալին
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սեդա Աբովեան
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Լիւսի Աշգարեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Քարոլ Տէր Վարդանեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Շահան եւ Կասիա Փանոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Եսայի եւ Սեդա Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Սօսի Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ծերոն եւ Եւնիկ Փանոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Պըլղաշեան եւ զաւակունք
Էմօղլեան եւ Աբովեան ընտանիքներ
Ճանսզեան եւ Ադամեան ընտանիքներ
Փանոսեան եւ Տէր Վարդանեան ընտանիքներ
Աշգարեան եւ Չափարեան ընտանիքներ
Անտէքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՊՕՂՈՍ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1923-ին, Մուսա լեռ – Պիթիաս)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յունուար 2022-ին, Այնճարի իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 5 յունուարի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Թաղման արարողութենէն ետք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հանգուցեալին բնակարանին մէջ կամ հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն
– Կարօ Քէշիշեան` 03-269673
– Սեդա Քէշիշեան-Աբովեան` 76-470196
ԾԱՆՕԹ.- Ցաւակցութեան ընթացքին կը խնդրուի յարգել «Քորոնա» ժահրի համավարակին վերաբերող բոլոր նախազգուշութիւնները:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սոնիա Ասատուրեան
Տիար Շանթ Ասատուրեան
Տիար Նարեկ Ասատուրեան
Տէր եւ տիկին Ռոպերթ Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդան Մարտիրոսեան եւ զաւակունք
Ասատուրեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Մարտիրոսեան եւ Չուլճեան ընտանիքներ
Մազաքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին`
ԳԷՈՐԳ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յունուար 2022-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 5 յունուար 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն.
Սոնիա` 04-412536/ 76-198359
Շանթ` 03-218389
—————————————
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2022 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ
«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»
Թեմիս բարեջան առաջնորդ` Գերշ. Տէր Շահէ արք. Փանոսեանի տնօրինումով, կիրակի, 9 յունուար 2022-ին, Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի ընթացքին պիտի ընթերցուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը, որով 2022 տարին կը հռչակուի «Սփիւռքի տարի»:
Ուրախութեամբ կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հայրապետական հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ ժողովուրդին հայրապետական իր պատգամը ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ժամերգութիւն` | ժամը 8:00-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Ջրօրհնէք ` | ժամը 11:00-ին |
Պատգամ` | ժամը 11:15-ին |
Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանի «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Ս. պատարագին, հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԾԱՆՕԹ.-
- Ջերմօրէն կը թելադրենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ յարգեն «Քորոնա» ժահրէն ապահով մնալու բոլոր նախապայմանները:
- Ուրբաթ, 7 յունուար 2022-ին, Մեռելոցի յիշատակի Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՏՕՆ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ ջրօրհնէք
Հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ին
Կը պատարագէ եւ Ս. Ծննդեան առիթով իր պատգամը կ՛ուղղէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սկիզբ Ս. պատարագի` առաւօտեան ժամը 10:00-ին
ԾԱՆՕԹ.- Պայմաններու բերումով, Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցող աւանդական ընդունելութիւնը ջնջուած է:
ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այսու կ՛ուզենք տեղեկացնել մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ, ապա պիտի կատարուի ջրօրհնէքի արարողութիւն:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ԶԱՐԵՀ Ծ. ՎՐԴ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
– Սուրբ պատարագ` ժամը 10:00-ին
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ օրուան խորհուրդին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ
Ճրագալոյց Ս. Ծննդեան | Չորեքշաբթի, 5 յունուար, 2022 |
Սկիզբ ժամերգութեան` | երեկոյեան ժամը 4:00-ին |
Ս. պատարագ` | երեկոյեան ժամը 5:00-ին |
Տօն Ս. Ծննդեան | Հինգշաբթի, 6 յունուար, 2022 |
Սկիզբ ժամերգութեան` | Առաւօտեան ժամը 8:30-ին |
Ս. պատարագ` | Առաւօտեան ժամը 10:00-ին |
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՆ.
Ս. Նշան Մայր եկեղեցի Գերշ. Տ . Շահէ արք. Փանոսեան, առաջնորդ
Ս. Պօղոս եկեղեցի, Այնճար Գերպ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան
Ս. Յակոբ եկեղեցի, Էշրեֆիէ Հոգշ. Տ. Աւետիք աբղյ. Տէր Կարապետեան
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Հայաշէն Արժ. Տ. Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեան
Ս. Գէորգ եկեղեցի, Հաճըն Հոգշ. Տ. Եղիա աբղյ. Մալխասեան
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, Նոր Մարաշ Գերպ. Տ. Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան
Ս. Յարութիւն եկեղեցի, Ճիւնի Հոգշ. Տ. Վիգէն վրդ. Տալգլըճեան
Ս. Յարութիւն եկեղեցի, Ռմէյլ Արժ. Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Նորաշէն Գերպ. Տ. Զարեհ ծ. վրդ. Սարգիսեան
Ս. Սարգիս եկեղեցի, Նոր Սիս Հոգշ. Տ. Արտաւազդ վրդ. Շարոյեան
Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Նոր Ատանա Գերպ. Տ. Արտակ ծ. վրդ. Արապեան
Ռաուտայի մատուռ, Ռաուտա Արժ. Տ. Առաքել քհնյ. Տըմտմեան
Ֆանարի մատուռ, Ֆանար Արժ. Տ. Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեան
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Զահլէ Արժ. Տ. Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան
Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի, Թրիփոլի Արժ. Տ. Ներսէս քհնյ. Պասիլեան
ՄԵՌԵԼՈՑ Ուրբաթ, 7 յունուար, 2022
Մեռելոցի առիթով, թեմիս եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, իսկ Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ` առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Բոլոր անոնք, որոնք Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կը փափաքին տնօրհնէք ունենալ, թող բարեհաճին կապուիլ իրենց ծխատէր քահանային, որպէսզի տնօրհնէքը կատարուի յատուկ ժամադրութեամբ:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ: ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————
ՏՕՆ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ին Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ ջրօրհնէք կատարուի Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան
Սկիզբ Ս. պատարագի` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 11:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ հաղորդուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ