ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՇՈՂԻԿ ԱԿՈԲԵԱՆի (ծնեալ` ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 յունուար 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սիլվա Քէշիշեան եւ զաւակները` Պօղոս եւ Ալին
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սեդա Աբովեան
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Լիւսի Աշգարեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Քարոլ Տէր Վարդանեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Շահան եւ Կասիա Փանոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Եսայի եւ Սեդա Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Սօսի Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ծերոն եւ Եւնիկ Փանոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Պըլղաշեան եւ զաւակունք
Էմօղլեան եւ Աբովեան ընտանիքներ
Ճանսզեան եւ Ադամեան ընտանիքներ
Փանոսեան եւ Տէր Վարդանեան ընտանիքներ
Աշգարեան եւ Չափարեան ընտանիքներ
Անտէքեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՊՕՂՈՍ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1923-ին, Մուսա լեռ – Պիթիաս)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յունուար 2022-ին, Այնճարի իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 5 յունուարի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Թաղման արարողութենէն ետք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հանգուցեալին բնակարանին մէջ կամ հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն
– Կարօ Քէշիշեան` 03-269673
– Սեդա Քէշիշեան-Աբովեան` 76-470196
ԾԱՆՕԹ.- Ցաւակցութեան ընթացքին կը խնդրուի յարգել «Քորոնա» ժահրի համավարակին վերաբերող բոլոր նախազգուշութիւնները:
—————————————
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2022 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ
«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»
Թեմիս բարեջան առաջնորդ` Գերշ. Տէր Շահէ արք. Փանոսեանի տնօրինումով, կիրակի, 9 յունուար 2022-ին, Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի ընթացքին պիտի ընթերցուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը, որով 2022 տարին կը հռչակուի «Սփիւռքի տարի»:
Ուրախութեամբ կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՀՐԱՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ
Ժամերգութիւն` | ժամը 8:30-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 11:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ