ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՆԱՀԻՏ ԹՈՐԻԿԵԱՆ-ԲՐԻՊԻԼՍՔԻ (մահացած` Ֆրանսա) մահուան առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 փետրուար 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Հանգուցեալին պարագաները Թորիկեան եւ Գէորգեան ընտանիքներ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ:
—————————————
ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2022-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր` դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 30 յունիս 2022:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Դատակազմի անդամներն են` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Տեարք Համբիկ Պիլալեան, Յարութիւն Իսկահատեան, Յակոբ Լատոյեան եւ տիկին Իրմա Տէտէեան:
ԴԻՒԱՆ` Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Դատակազմի հասցէն.
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O. Box 70317
Antelias – Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Խնդրանք.- Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել
—————————————
CHAT & PLAY
Internet Service Provider
Special offer for New Subscribers
Pay 1 month, Get 2 months for free
also free cable installation
for more information please contact
71-354523, 01-247365
RECRUITING
We are recruiting new positions in secretary & customer care services. If interested kindly send your cv to: chat.and.play.isp@gmail.com