ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Հուրի Թորիկեան
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Նանոր Թորիկեան եւ դուստրը
Տիար Արամ Թորիկեան
Տիկին Տիգի Թորիկեան
Տէր եւ տիկին Գառնիկ եւ Ռիթա Թորիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Թորոս եւ Անի Պապիկեան եւ զաւակունք
Տիկին Շաղիկ Թորիկեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Վահան եւ Նելլի Համամճեան եւ դուստրը
Օրիորդներ Տիրուկ եւ Արփի Չպուկճեան
Տէր եւ տիկին Ասատուր եւ Սիրան Աբրահամեան եւ զաւակը
Թորիկեան եւ Համամճեան ընտանիքներ
Պէօյիւքեան եւ Շուէյրի ընտանիքներ
Իտ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, զաւկին, եղբօր եւ հարազատին`
ՎԻԳԷՆ ԹՈՐԻԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1960-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 16 փետրուար 2022-ին, Մոնրէալի մէջ, Քանատա:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 19 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Մոնրէալի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՔԱՀԼ-ի Հայ ծերանոցին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1978-ի շրջանաւարտներէն`
ՎԻԳԷՆ ԹՈՐԻԿԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 16 փետրուար 2022-ին, Քանատա:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՆԱՀԻՏ ԹՈՐԻԿԵԱՆ-ԲՐԻՊԻԼՍՔԻ (մահացած` Ֆրանսա) մահուան առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 փետրուար 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Հանգուցեալին պարագաները Թորիկեան եւ Գէորգեան ընտանիքներ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ:
ՄԱՏԼԵՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ-ՊԷՔԷՐԷՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 փետրուար 2022-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: