Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Յայտարարութիւններ (13 Հոկտեմբեր 2022)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Տիրուկ Մնակեան-Մանճիկեան
Դոկտ. Նարեկ Մանճիկեան
Դոկտ. եւ մեթր Սեւակ Մանճիկեան, Մարկօ Բլանդ
Դոկտ. Հրայր եւ դոկտ. Լալէ Մանճիկեան-Եափուճեան եւ զաւակները` Սեւան եւ Վայք
Տիկին Աստղիկ Մանճիկեան եւ ընտանիք
Մանճիկեան եւ Մնակեան ընտանիքներ
Գոճատելեան եւ Պալեան ընտանիքներ
Մկրտիչեան եւ Եահնիեան ընտանիքներ
Նազարէթեան եւ Գուգունեան ընտանիքներ
Բլանդ եւ Եափուճեան ընտանիքներ
Պայրամեան եւ Պլէյքլի ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Քեսապ, 1937-ին)

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 8 հոկտեմբեր 2022-ին, Մոնրէալի մէջ, Քանատա:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մոնրէալի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի «Սեն Լորան»-ի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ, հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն 11:00, Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Ցաւակցութիւններու համար կարելի է կապ հաստատել հեռաձայնելով +514 331 5445 #202 թիւին:

—————————————

Նախագահութեամբ`

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ

Կազմակերպութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ԵՒ «ԹՈՐՈՍ ՌՈՍԼԻՆ» ԿԵՐՊԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑԻ 2021-2022 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
7-ՐԴ ԵՒ 10-ՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ

ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ:

—————————————

ՀՄԸՄ-Ի Ժտէյտիի մասնաճիւղ

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտիի մասնաճիւղի 57-րդ Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 14 հոկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:15-ին, ԼՕԽ-ի «Անահիտ» ակումբին մէջ, Մար Եուսեֆ:

ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022

Այսու պաշտօնապէս կը ծանուցենք, որ Ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան համար, կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային քուէարկութիւն:

Քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ, առանց սեռի խտրութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք ամբողջացուցած են 18 տարիքը, վճարած են իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած իրենց քաղաքացիական կամ համայնքային իրաւունքներէն:

Ազգային երեսփոխան կրնան ընտրուիլ, առանց սեռի խտրութեան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք բոլորած են 30 տարիքը, վճարած իրենց ազգային տուրքը եւ դատական կարգով չեն զրկուած իրենց քաղաքացիական կամ համայնքային իրաւունքներէն:

Երեսփոխաններու թեկնածութեան դիմումնագիրները կ՛ընդունուին առաջնորդարանի դիւանատան մէջ, երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2022, ամէն օր` առաւօտեան ժամը 8:30էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00:

Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որ միահամուռ մասնակցութեամբ լաւագոյնս  կատարեն իրենց պարտականութիւնը:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հաճեցէք դիմել Ազգային առաջնորդարանի դիւանատուն, հեռաձայնի 01-258300 թիւով:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2330

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>