ՄԱՀԱԶԴ
Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղական խորհուրդը, տիկնանց յանձնախումբը, դպրաց դասը եւ աղքատախնամ մարմինը կը գուժեն տիկնանց յանձնախումբի երկար տարիներու ժրաջան անդամուհիին`
ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԱՐՇՕ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 9 փետրուար 2023-ին:
—————————————
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԵՒ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի կատարուի մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման (Տեառնընդառաջի) նախատօնակի արարողութիւնը:
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Նախատօնակի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մանուկներու Ս. Խորանի ընծայման արարողութիւնը` Քրիստոսի ընծայումի օրինակով: Յետ եկեղեցական արարողութեան, մայրավանքի շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս երիտասարդ ծնողներուն, մասնակցելու Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութեան, որպէսզի իրենց մանուկները Աստուծոյ ընծայեն եւ հայցեն Ամենակալին շնորհներն ու պաշտպանութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի նախատօնակ:
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Յետ եկեղեցական արարողութեան, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը: Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԳՈՆՏԱՅԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 12 փետրուար 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՏՈՔԹ. ՐԱՖՖԻ ՊԱՐՏԱԳՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 12 փետրուար 2023-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՔԼԵՐ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆի (ծնեալ` ՄԱՐՏԻՆԻ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 12 փետրուար 2023-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ՎԻԳԷՆ ԹՈՐԻԿԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 12 փետրուար 2023-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: