Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2332

Յայտարարութիւններ ( 13 Փետրուար 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Մանուկ Հալաճեան
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Թալին Հալաճեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժաքլին Հալաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ասպետ եւ Սիւզի Քոճագեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Վարդուկ Տարագճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Ալիս Շէօհմէլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժաք եւ Սոնա Սուսանի եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Մարիժան Տիշչէքէնեան եւ զաւակունք
Օրիորդ Ազատուհի Հալաճեան
Հալաճեան եւ Տարագճեան ընտանիքներ
Քոճագեան եւ Տիշչէքէնեան ընտանիքներ
Շէօհմէլեան եւ Սուսանի ընտանիքներ
Չիւեան եւ Ասատուրեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`

ԼՈՒՍԻՆ ՀԱԼԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ, 1946-ին)

մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 10 փետրուար 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 12 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

—————————————

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԵՒ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի կատարուի մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման (Տեառնընդառաջի) նախատօնակի արարողութիւնը:

Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Նախատօնակի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մանուկներու Ս. Խորանի ընծայման արարողութիւնը` Քրիստոսի ընծայումի օրինակով: Յետ եկեղեցական արարողութեան, մայրավանքի շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս երիտասարդ ծնողներուն, մասնակցելու Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութեան, որպէսզի իրենց մանուկները Աստուծոյ ընծայեն եւ հայցեն Ամենակալին շնորհներն ու պաշտպանութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի նախատօնակ:

Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Յետ եկեղեցական արարողութեան, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը: Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը եւ հրավառութիւնը` եկեղեցւոյս դարպասի մուտքին:

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Տեառնընդառաջի հանդիսաւոր արարողութեան, հաղորդուելու համար օրուան սուրբ խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը եւ հրավառութիւնը` եկեղեցւոյս դարպասի մուտքին:

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Տեառնընդառաջի հանդիսաւոր արարողութեան, հաղորդուելու համար օրուան սուրբ խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ
Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
եւ
ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին:

Կը պատարագէ եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնն ու մատաղի օրհնութիւնը կը կատարէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Այս առիթով սարկաւագական ձեռնադրութիւն պիտի ստանան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն`

ԱՐԱՄ եւ ՏԻԳՐԱՆ ՔԷՊԱՊՃԵԱՆ եղբայրները

Սկիզբ ժամերգութեան`   ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ`              ժամը 10:00-ին
Ձեռնադրութիւն`              ժամը 11:00-ին
Քարոզ`                          ժամը 11:30-ին
Մատաղօրհնէք`              ժամը 12:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը` մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց:

ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Պարտագճեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, առցանց միջոցներով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին` ՏՈՔԹ. ՐԱՖՖԻ ՊԱՐՏԱԳՃԵԱՆի մահուան սուգին:

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հաշուապահի մը:
Հեռ. 03 – 164767:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «Հ. ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

27 ՄԱՅԻՍ 2023

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2332

Trending Articles