ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Տիգրանուհի Բարսեղեան
Տէր եւ տիկին Սահակ եւ Մարինա Բարսեղեան եւ զաւակները` Ճորճ եւ Սարակ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Վանի Բարսեղեան եւ զաւակները` Ալեք եւ Փիթըր
Տէր եւ տիկին Արա եւ Էլիզապեթ Եագուպեան եւ դուստրը` Արէլ-Կրէյս
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Լենա Բարսեղեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Շարպել եւ Սիլվա Նասր եւ զաւակունք
Տիար Պօղոս Գասպարեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիկին Վիքթորիա Մարանեան եւ զաւակունք (Ամերիկա)
Բարսեղեան եւ Պաղպուտարեան ընտանիքներ
Չէօրեքճեան եւ Տէր Ստեփանեան ընտանիքներ
Եագուպեան եւ Նասր ընտանիքներ
Մարանեան եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Թունպէրեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքներ
Պէպէճեան եւ Վարդանեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՃՈՐՃ ՍԱՀԱԿ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1944-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 14 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 15 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
Հեռ. Սահակ` 03-583260, Րաֆֆի` 03-196225, Էլօ` 03-820315
—————————————
ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ
Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
եւ
ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին:
Կը պատարագէ եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնն ու մատաղի օրհնութիւնը կը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Այս առիթով սարկաւագական ձեռնադրութիւն պիտի ստանան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն`
ԱՐԱՄ եւ ՏԻԳՐԱՆ ՔԷՊԱՊՃԵԱՆ եղբայրները
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Ձեռնադրութիւն` ժամը 11:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:30-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 12:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը` մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց:
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական
Եկեղեցիներու Միութիւն
ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
Պատգամաբեր
ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Պատուակալ նախագահ ՄԱՀԱԵՄ-ի
Մասնակցութեամբ` Լիբանանի Հայ աւետարանական վարժարաններու աշակերտներու:
Հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցի:
—————————————
Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան
Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին
ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Բանախօս`
ՐԱՖՖԻ ԿԷՕՎՕՂԼԱՆԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 19 փետրուար 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ