Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (7 Օգոստոս 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ իր կազմի անդամներէն, միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական`

ՔԱՐԼՈՍ ՍԷՖԷՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ 5 օգոստոս 2023-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, Արժանթին:

—————————————

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ

ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ 100% ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը հպարտութեամբ կը յայտարարէ, որ իր աւարտական դասարանի աշակերտները, լիբանանեան պաքալորէայի քննութիւններուն արձանագրեցին 100% յաջողութիւն:

Ընկերատնտեսական բաժին-

Ալին Այանեան «շատ լաւ» յիշատակութիւն եւ Լիբանանի 33-րդ դիրք
Միհրան Պէրպէրեան
Կեյս Ներսէսեան
Կապրիէլ Տեմիրճեան
Վարանդ Կիրակոսեան
Արշակ Մելքոնեան

Կենսագիտական բաժին

Անճելօ Արթինեան «լաւ»
Ռիթա Սալլում «լաւ»

Ընդհանուր գիտութիւններ

Նաթալի Չուլճեան «շատ լաւ» եւ Լիբանանի 47-րդ դիրք
Ռիքարտօ Սալլում «լաւ»
Կերի Կարօ Պաշըքճեան

Այս ուրախ առիթով նախ կը շնորհաւորենք ուսուցիչները եւ ձեր վարձքը կատար կ՛ըսենք, ապա կը շնորհաւորենք մեր սիրելի ծնողները, իսկ մեր շրջանաւարտներուն նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք:

Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը` ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ գրաւականը:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ
ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի BT, TS եւ LT պետական քննութեան մասնակցած մեր 19 ուսանողուհիները յաջողած են` կեդրոնին ապահովելով 100% յաջողութիւն:

BT1 քննութեան յաջողած է հետեւեալ ուսանողուհին.
Թամար Քալէնտէրեան

BT3 քննութեան յաջողած են հետեւեալ ուսանողուհիները.
Պեթի Պալապանեան, Օսան Խաչերեան, Սիրան Պետրոսեան եւ Դշխուն Մկրտիչեան

TS-ի քննութեան յաջողած են հետեւեալ ուսանողուհիները.
Արաքս Խրիմեան (շատ լաւ յիշատակութեամբ), Ազնիւ Գարամինասեան (լաւ յիշատակութեամբ), Լիզա Մարկոսեան, Լորա Մոմճեան, Մարալ Տուտագլեան (լաւ յիշատակութեամբ), Մարալ Իշխանեան (լաւ յիշատակութեամբ), Ցոլեր Գնտոյեան (լաւ յիշատակութեամբ), Նուէր Աջապահեան եւ Գարէն Քիլէճեան (լաւ յիշատակութեամբ):

LT-ի քննութեան յաջողած են հետեւեալ ուսանողուհիները.
Հուրի Ղազարեան, Արլեթ Ապու Տահէր, Նատին Աուն, Ծովինար Կիւմիւշեան, Արազ Քէլէշեան:

Կը շնորհաւորենք մեր ուսանողուհիները: Վարձքը կատար ուսուցչուհիներուն:

ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հագուստի հաստատութիւն մը, Ժէլ Էլ Տիպի շրջան, կարիքը ունի համակարգիչի վրայ աշխատող գանձիչի մը: Հեռ. 03-164767:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>