Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Յայտարարութիւններ (8 Օգոստոս 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Շաքէ Թերզեան-Աստուրեան
Տիկին Մարիա Կիւրիւնեան եւ զաւակները` Ռաֆայէլ եւ Վանեսա
Տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Լենա Զէյթլեան եւ զաւակները` Յեսու եւ Յովնաթան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ալին Չարըգեան
Տիկին Սիրվարդ Աստուրեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Մուրատ Աստուրեանի ընտանիք
Տիար Լութֆիկ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարօ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ Աստուրեան եւ զաւակունք
Տիար Յովսէփ Աստուրեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Մեսրոպ Աստուրեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Ռիթա Կարապետեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Յարութ Թերզեանի ընտանիք
Տիկին Արփի Թերզեան եւ զաւակունք
Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիլվա Թերզեան եւ զաւակունք
Աստուրեան եւ Թերզեան ընտանիքներ
Կիւրիւնեան եւ Զէյթլեան ընտանիքներ
Չարըգեան եւ Կարապետեան ընտանիքներ
Եմէզեան եւ Առաքելեան ընտանիքներ
Գաբրիէլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՒԵՏԻՍ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 5 օգոստոս 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 8 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

—————————————

ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի 2023-2024 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան 27 եւ 29 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00:

Ա. BT դասարան իր բաժանումներով:
Բ. TS դասարան իր բաժանումներով:
Գ. LT դասարան:

Նորեկ աշակերտներ պարտին իրենց հետ ունենալ`

  1. Երկու լուսանկար
  2. Անձնաթուղթի պատճէն
  3. Նախկին դպրոցի հաստատագիր (վաւերացուած` կրթութեան նախարարութեան կողմէ):

* ՎԵՐԱՄՈՒՏ

– 6 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00: Ծանօթացում ուսուցիչներու եւ ծրագիրներու:
– 11 հոկտեմբեր 2023, դասաւանդութեան սկիզբ:

Մանկավարժական կեդրոնը սերտօրէն կը գործակցի կաթողիկոսարանի Հայագիտականկեդրոնին հետ:

* Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.

04/410001 կամ 03/627986:

ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Սուրէն Սարգիսեանի մահուան առիթով`

Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Ճէյն Այանեաններ 1000 ամ. տոլար կը նուիրեն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին:

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հագուստի հաստատութիւն մը, Ժէլ Էլ Տիպի շրջան, կարիքը ունի համակարգիչի վրայ աշխատող գանձիչի մը: Հեռ. 03-164767:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2315

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>