ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Հայկուհի Մուշլեան-Յովհաննէսեան
Օրդ. Թագուհի Յովհաննէսեան
Տիար Գէորգ Յովհաննէսեան
Տիար Պերճ Յովհաննէսեան
Հանգուցեալ Գէորգ Յովհաննէսեանի ընտանիքը (արտասահման)
Հանգուցեալ Մարի-Անժել Թիւթիւնճեանի ընտանիքը (արտասահման)
Տիկին Անահիտ Յովհաննէսեան-Ֆարհուտ
Տիկին Ատրինէ Յովհաննէսեան եւ ընտանիք (արտասահման)
Հանգուցեալ Կարապետ Մուշլեանի ընտանիքը
Օրդ. Աննա-Փոլին Ֆէրմանեան
Հանգուցեալ Բենիամին Ֆէրմանեանի զաւակները եւ ընտանիքները (արտասահման)
Յովհաննէսեան եւ Մուշլեան ընտանիքներ
Թիւթիւնճեան եւ Ֆէրմանեան ընտանիքներ
Գրիգորեան եւ Պէրպէրեան ընտանիքներ
Ֆարհուտ եւ Աթթալ ընտանիքներ
Ինճէեան եւ Ղազարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին, կնքահօր, զարմիկին եւ հարազատին`
ԺԱՆ ԱՐԹԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 19 նոյեմբեր 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 23 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, Զոքաք Էլ-Պլաթ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին կեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, ուրբաթ, 24 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Կիրակի, 26 նոյեմբեր 2023-ին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
– Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:00-ին
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին
– Մատաղօրհնէք` ժամը 11:30-ին
Յաւարտ Ս. պատարագի պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյս բարերարներու, քահանայ հայրերու եւ ծառայողներու յիշատակին:
- Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:30-ին պիտի կատարուի ժողովրդային ընդունելութիւն առաջնորդ սրբազան հօր` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին կից, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:
Ուրբաթ եւ շաբաթ ժամը 5:00-ին պիտի կատարուի երեկոյեան ժամերգութիւն:
Սիրով հրաւիրուած է հաւատացեալ ժողովուրդը:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի աւանդութիւն դարձած` նահատակուած եւ մահացած ՀՄԸՄ-ականներուն հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 նոյեմբեր 2023-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան հոգեսուրճ` Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՇՈՂԻԿ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ-ԱԿՈԲԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 նոյեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————