ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի աւանդութիւն դարձած` նահատակուած եւ մահացած ՀՄԸՄ-ականներուն հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 նոյեմբեր 2023-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան հոգեսուրճ` Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՇՈՂԻԿ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ-ԱԿՈԲԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 նոյեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիկին Նորա Գէորգեան եւ զաւակները` Հուրի, Ռոզի եւ Յակոբ ու իրենց ընտանիքները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին` դեղագործ ԳԷՈՐԳ ԳԷՈՐԳԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃԸ»
(1923-1953)
ՀԱԳ հարիւրամեակի մատենաշար թիւ 2
Հեղինակ` ՅՈՒՍԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
Խմբագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց`
ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ (ԲԳԹ)
Պէյրութ, 2023
—————————————
—————————————
ԳՈՐԾԻ ԿԱՐԻՔ
Ընտանիքի հայր մը ինքնաշարժի վարորդութեան գործ կը փնտռէ անձնական` ընտանիքի մը քով կամ հաստատութեան մը մէջ աշխատելու համար:
Դիմել` հեռաձայնի 76-600684 թիւին: