Quantcast
Channel: Յայտարարութիւններ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Յայտարարութիւններ (15 Դեկտեմբեր 2023)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Վահէ Զէյթճեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սարին Զէյթճեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Ռիթա Նալեան
Հանգուցեալ Ստեփան Գույումճեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Սեդա Գույումճեան եւ ընտանիք
Օրիորդ Մարալ Գույումճեան
Օրիորդ Սեդա Գույումճեան
Տիկին Մարի Աբէլեան-Չոլաքեան
Տիկին Ժանէթ Ճունթոյեան եւ զաւակունք
Զէյթճեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
Գալֆայեան եւ Նալեան ընտանիքներ
Ճունթոյեան եւ Աբէլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, զոքանչին, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, քրոջ դստեր եւ հարազատին`

ՎԵՐԱ ԶԷՅԹՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 15 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

—————————————

Ս. ՅԱԿՈԲԱՅ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ
ԵՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՏՕՆԱԾԱՌԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ

Բարձր հովանաւորութեամբ`
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Կազմակերպութեամբ`
Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին

եւ

Մասնակցութեամբ`
«Նարեկացի» երգչախումբին

Ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նուիրուած նախատօնակ: Նախատօնակի աւարտին պիտի կատարուի հանդիսաւոր անդաստան` Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին սրբազան մասունքով:

Յաւարտ նախատօնակին, մայրավանքի շրջափակին մէջ, վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ տեղի պիտի ունենայ տօնածառի լուսաւորումը. ապա, կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը պիտի հրամցնէ փունջ մը տօնական երգեր:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ

Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2023

– Ժամանում առաջնորդ սրբազան հօր` ժամը 9:30-ին
– Մասնակցութեամբ` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտական շարքերուն:
– Սուրբ պատարագ` ժամը 10:00-ին
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին
– Մատաղօրհնէք` ժամը 11:45-ին

Ս. պատարագը պիտի մատուցէ, քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը պիտի կատարէ

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին

Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը

խմբավարութեամբ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՒԷՆ ՎՐԴ. ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ

Սիրով կը հրաւիրենք մեր բոլոր հայորդիները` հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

  •  Պատարագէն ետք ժողովրդային տօնախմբութիւն` առաջնորդ սրբազան հօր ներկայութեամբ:
  • Գեղարուեստական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն` եկեղեցւոյս «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ՄԵԹՐ ԺԱՔ ՉՈՒԽԱՏԱՐԵԱՆԻ
(ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԵՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ)
ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ` ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ  ԵՒ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Մահուան առաջին տարելիցին առիթով հոգեհանգիստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան  պիտի կատարուի հանգուցեալին յիշատակին նուիրուած գիրքի շնորհահանդէս, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՈՎՍԱՆՆԱ (Ծնեալ` ԳԱՍԱՊԵԱՆ) – ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ – ՊԱԼԵԱՆ (մահացած Միացեալ Նահանգներ) մահուան առիթով յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի շաբաթ, 16 դեկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ

Մեքենաներու վրայ աշխատողներ (machine operators)` Ինթըրպրենտ-Տըպպայէ ընկերութեան համար:

INTERBRAND S.A.L. (RC, X-TRA, LIBBY’S եւ BONJUS) խմիչքներու եւ հիւթերու շիշեր լեցնող ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ կը փնտռէ իր արտադրութիւնները լեցնող եւ ծրարող մեքենաներու վրայ աշխատողներ` ընկերութեան ընդլայնման եւ արդիականացման գործընթացին հետ քայլ պահելու համար:

Գործի պայմաններ.

1) Դիմողները պէտք է ունենան առնուազն պրէօվէի վկայական` դպրոցէ կամ թեքնիք հիմնարկէ:

2) Փորձառութիւնը անհրաժեշտ չէ այս գործին համար` տրուած ըլլալով, որ ընկերութիւնը կը տրամադրէ յատուկ վարժողական դասընթացքներ:

3) Եթէ դիմողը արդիւնաբերական փորձառութիւն ունի, նոյնիսկ այլ մարզի մէջ, ապա այդ փորձառութիւնը առաւելութիւն կը նկատուի դիմումը ստուգելու ընթացքին:

4) Անհրաժեշտ է պատրաստակամութիւն ցուցաբերել ցերեկային եւ գիշերային ժամեր աշխատելու:

5) Ամսականը կրնայ հասնիլ մինչեւ 500 ամերիկեան տոլարի` հիմնուած փորձառութեան, հմտութիւններուն եւ աշխատանքային ժամերուն վրայ:

Դիմումները կ՛ընդունուին ընկերութեան Տըպպայէի կեդրոնատեղիին մէջ, եւ գործի կրնան դիմել արական եւ իգական սեռի պատկանողները:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԳՈՐԾԻ ԿԱՐԻՔ

Ընտանիքի հայր մը ինքնաշարժի վարորդութեան գործ կը փնտռէ անձնական` ընտանիքի մը քով կամ հաստատութեան մը մէջ աշխատելու համար:

Դիմել` հեռաձայնի 76-600684 թիւին:

—————————————

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

30 ԱՊՐԻԼ 2024
(ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2309

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>