Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2023
– Ժամանում առաջնորդ սրբազան հօր` ժամը 9:30-ին
– Մասնակցութեամբ` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտական շարքերուն:
– Սուրբ պատարագ` ժամը 10:00-ին
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին
– Մատաղօրհնէք` ժամը 11:45-ին
Ս. պատարագը պիտի մատուցէ, քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը պիտի կատարէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը
խմբավարութեամբ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՒԷՆ ՎՐԴ. ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր բոլոր հայորդիները` հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
- Պատարագէն ետք ժողովրդային տօնախմբութիւն` առաջնորդ սրբազան հօր ներկայութեամբ:
- Գեղարուեստական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն` եկեղեցւոյս «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՈՎՍԱՆՆԱ (Ծնեալ` ԳԱՍԱՊԵԱՆ) – ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ – ՊԱԼԵԱՆ (մահացած Միացեալ Նահանգներ) մահուան առիթով յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի շաբաթ, 16 դեկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիկին Սվետլանա Մարտիրեան եւ զաւակներն ու հարազատները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք վշտակից եւ ցաւակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին` ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՄԱՐՏԻՐԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ
Մեքենաներու վրայ աշխատողներ (machine operators)` Ինթըրպրենտ-Տըպպայէ ընկերութեան համար:
INTERBRAND S.A.L. (RC, X-TRA, LIBBY’S եւ BONJUS) խմիչքներու եւ հիւթերու շիշեր լեցնող ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ կը փնտռէ իր արտադրութիւնները լեցնող եւ ծրարող մեքենաներու վրայ աշխատողներ` ընկերութեան ընդլայնման եւ արդիականացման գործընթացին հետ քայլ պահելու համար:
Գործի պայմաններ.
1) Դիմողները պէտք է ունենան առնուազն պրէօվէի վկայական` դպրոցէ կամ թեքնիք հիմնարկէ:
2) Փորձառութիւնը անհրաժեշտ չէ այս գործին համար` տրուած ըլլալով, որ ընկերութիւնը կը տրամադրէ յատուկ վարժողական դասընթացքներ:
3) Եթէ դիմողը արդիւնաբերական փորձառութիւն ունի, նոյնիսկ այլ մարզի մէջ, ապա այդ փորձառութիւնը առաւելութիւն կը նկատուի դիմումը ստուգելու ընթացքին:
4) Անհրաժեշտ է պատրաստակամութիւն ցուցաբերել ցերեկային եւ գիշերային ժամեր աշխատելու:
5) Ամսականը կրնայ հասնիլ մինչեւ 500 ամերիկեան տոլարի` հիմնուած փորձառութեան, հմտութիւններուն եւ աշխատանքային ժամերուն վրայ:
Դիմումները կ՛ընդունուին ընկերութեան Տըպպայէի կեդրոնատեղիին մէջ, եւ գործի կրնան դիմել արական եւ իգական սեռի պատկանողները:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԳՈՐԾԻ ԿԱՐԻՔ
Ընտանիքի հայր մը ինքնաշարժի վարորդութեան գործ կը փնտռէ անձնական` ընտանիքի մը քով կամ հաստատութեան մը մէջ աշխատելու համար:
Դիմել` հեռաձայնի 76-600684 թիւին:
—————————————
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ