ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր եւ նախկին վարչական անդամին`
ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2015-ին:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ծովակ Մկրտիչեան եւ զաւակը` Քրիսթիան
Տէր եւ տիկին Ղազար Մկրտիչեան
Տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Կրէյս Էլմայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Դրօ եւ Լիզա Մանտալեան եւ զաւակունք
Գնդ. Գրիգոր Արապաղեան եւ զաւակունք
Տիկին Տիգրանուհի Աւետիքեան
Պատոլեան եւ Թադէոսեան ընտանիքներ
Մոմճեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքներ
Արապաղեան եւ Աւետիքեան ընտանիքներ
Թապշի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր եւ հարազատին`
ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի
(Ծնեալ` 1986-ին, Պէյրութ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 5:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ ուրբաթ, 11 եւ շաբաթ, 12 սեպտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
- ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի սաներուն ֆոնտին:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Սուրէն Եագուպեան եւ դուստրը` Լոռի
Տէր եւ տիկին Մաթիու եւ Արմիկ Լըպոն
Տէր եւ տիկին Ռոպերթօ եւ Ազատ Միթրի
Տէր եւ տիկին Ծերոն Պապուճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Օննիկ Պապուճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Մհեր Պապուճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ռիչըրտ եւ Աստղիկ Սմիթ եւ ընտանիք
Պապուճեան եւ Եագուպեան ընտանիքներ
Լըպոն եւ Միթրի ընտանիքներ
Սմիթ եւ Աբոյեան ընտանիքներ
Ճեմմօ եւ Ապու Համատ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՍՈՆԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱՊՈՒՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2015-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 10 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 11 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ: Իսկ շաբաթ, 12 եւ կիրակի, 13 սեպտեմբերին, հանգուցեալին բնակարանին մէջ, Ամանոս:
—————————————————————————-
100-ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարի |
75-ամեակ Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան |
ՎԵՐՋԻՆ ՇԱԲԱԹ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ «ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ»-Ի
ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Նահատակ Գրիգոր Նգրուրեանի (Եիւզպաշի) յիշատակին
Կազմակերպութեամբ` Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» երկրորդական վարժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութաեան:
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ:
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ
Նահատակ Սամուէլ Մարգարեանի յիշատակին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 11 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային տան մէջ:
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Նահատակ Պօղոս Անտէկեանի յիշատակին
Հովանաւորութեամբ`
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձան-համալիրին կողքին:
Ելոյթ կ՛ունենան հայրենի սիրուած երգիչ Հայկ Մխոյեան եւ Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Աւարտին կը հնչէ Մուսա լերան աւանդական Թմբուկ-զուռնան:
Պատգամ` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
Միաժամանակ տեղի կ՛ունենայ մատաղի պատրաստութիւն` կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին` յուշարձան-համալիրին մէջ:
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 18 ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ
ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ,
ՈՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԷ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔՆ ՈՒ ՄԱՏԱՂԻ ՑՐՈՒՈՒՄԸ
Նահատակ Աբրահամ Սեւուկեանի (Սէքլէմեան) յիշատակին
կազմակերպութեամբ` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին:
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ:
Ծանօթ: 14 եւ 16 սեպտեմբերին մուսալեռցի ուխտաւորներ Այնճարէն կը մեկնին Հայաստան` մասնակցելու համար հերոսամարտի 100-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններուն:
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ-ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
—————————————————————————-
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակի եւ
Այնճարի Հիմնադրութեան 75-ամեակի առիթով
Ս. Պատարագ, Հոգեհանգիստ եւ Մատաղօրհնէք
Նախագահութեամբ`
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պատարագիչ`
Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի 13 սեպտեմբեր 2015-ին
Ս. պատարագ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Հոգեհանգիստ` Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին` ժամը 11:30-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 12:00-ին
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Այնճար
—————————————————————————-
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԹԱՓՕՐ,
ԱՆԴԱՍՏԱՆ ԵՒ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ`
ՆՈՐ ՄԱՐԱՇԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կու գանք յայտարարելու, թէ Ս. Խաչի տօնին առիթով կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ աւանդական մեծահանդէս թափօր եւ անդաստան:
Արարողութեան պիտի նախագահէ եւ պատգամ փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն`
ԳԵՐՇ. Տ. ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԵՊՍ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————————————————
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԵՏ, ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ` ՀՅԴ «ԴՐՕ» ԿՈՄԻՏԷԻՆ
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին Արագածի շրջանին մէջ նահատակուած ընկերներու եւ համակիրներու յիշատակին ձեռնարկ
Խօսք կ՛առնէ` ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
- Գեղարուեստական յայտագիր` տեսերիզի ցուցադրութիւն
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Արագած ակումբի թաղ:
Ձեռնարկին կը յաջորդէ`
Հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ մատաղօրհնէք
Ներկայութեամբ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Ոչխարի նուիրատուութիւններուն համար կը խնդրուի հեռաձայնել 71/151323 եւ 03/270182 թիւերուն:
—————————————————————————-
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Առ ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, որ ամէն առաւօտ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-էն սկսեալ: Իսկ շաբաթ երեկոյեան Կիրակմուտքի ժամերգութիւն` ժամը 5:00-ին:
Ժամերգութիւնները պիտի կատարէ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ`
ԱՐԺ. Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԸԼԸՆՃԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու սոյն ժամերգութեանց, աղօթքով զօրանալու եւ փառաւորելու զԱստուած:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————————————————-
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ
(Պուրճ Համուտ)
ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՌԵՀԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Յաւարտ Ս. պատարագին, տեղի պիտի ունենայ թափօր Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ՀԱՒՈՎ ԹԱՐԱԹՈՒՐ
+ ՏԱՊԿՈՒԱԾ ԳԵՏՆԱԽՁՈՐ
+ ԱՂՑԱՆ
Գին` 16.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
—————————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ը ուրախ է յայտարարելու, թէ 2015-2016 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ համալսարանական ֆոնտի յատկացումները:
Ա.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս «Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ին կրնան դիմել բոլոր հայ համալսարանականները` առաջին տարիէն սկսեալ:
Բ.- Իւրաքանչիւր ուսանող երկու յաջորդական տարիներ միայն կրնայ օգտուիլ:
Գ. Ուսանողները դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն` երկուշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ:
Դ.- Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է մինչեւ 2 նոյեմբեր 2015:
Ե.- Այս տարեշրջանին իւրաքանչիւր ուսանողի համար պիտի յատկացուի 1.200.000 լ. ո.:
«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՖՈՆՏ»
—————————————————————————-
—————————————————————————
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՖԱՆԱՐ-Հեռ. 01-891099/68
ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
2015-2016
Արձանագրութիւնները կը վերսկսին երեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2015, առաւօտեան ժամը 8:30-12:30, բացի շաբաթ օրերէն:
Ծաղկոցի արձանագրութիւնները եւս տեղի կ՛ունենան վարժարանիս քարտուղարութեան մօտ, նոյն ժամանակացոյցով. իսկ Ծաղկոցը իր դռները կը բանայ 30 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, վարժարանիս մօտակայ Kideology-ին մէջ:
Գրենական պիտոյքներու եւ համազգեստի վաճառքը` երկուշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30, բացի շաբաթ օրերէն:
Նորեկ աշակերտներու մուտքի քննութիւնները եւ վերաքննութիւնները տեղի կ՛ունենան երկուշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ
Երեքշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2015 – Թ., Ժ., ԺԱ., ԺԲ. դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Երկուշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2015 – Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բոլոր դասարաններուն` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Երեքշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2015 – Մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն, Ծաղիկ դասարաններու` առաւօտեան ժամը 7:25-12:15
Հինգշաբթի, 1 հոկտեմբերէն սկսեալ դասաւանդութիւնը կ՛ըլլայ լիաժամ` առաւօտեան ժամը 7:30-2:30:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ
ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէնութիւնը այսու կու գայ յայտնելու, որ 2015-2016 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները, հին ու նոր աշակերտներուն համար, կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:00-1:00, բացի շաբաթ օրերէն: Դիւրացնելու համար վերամուտի աշխատանքները` ծնողներէն կը խնդրուի արձանագրութիւնները կատարել մինչեւ չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2015:
Ծնողներէն կը խնդրենք նկատի ունենալ նաեւ, որ`
1.- Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ բերել իխրաժ քայտ, նախորդ տարուան վիճակացոյցը եւ փոխանցման գիր` վաւերացուած կրթական նախարարութենէն (Իֆատէ):
2.- Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ`
Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015, նախակրթարան:
Հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015, մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարաններ:
Ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2015, Բողբոջ դասարան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հեռ. 01/261622
ա.- 2015/2016 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 13:00, բացի շաբաթ օրերէն:
բ.- Նորեկ աշակերտներէն կը պահանջուի նոր «իխրաժ քայտ», վերջին տարուան վիճակացոյցը, «իֆատէ»` նախորդ վարժարանէն, վաւերացուած կրթութեան նախարարութենէն:
գ.- Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ`
Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ին, նախակրթարան:
Հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015-ին, մանկապարտէզ:
դ.- Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել քարտուղարութեան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
—————————————————————————-
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ԱՅՆՃԱՐ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2015-2016 տարեշրջանը Տէրը կամի կը սկսի հինգշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ձեւով.
– Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերէն երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր առաւօտեան ժամը 9:00-12:00` ցերեկօթիկ աշակերտներ:
– Երեքշաբթի, 22 եւ չորեքշաբթի, 23 սեպեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00` գիշերօթիկ աշակերտներ:
Բարի վերամուտ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կարիքը ունի երիտասարդ պաշտօնեայի մը` ստանձնելու համար վարորդի, գրասենեկային աշխատանքի եւ ցրուիչի գործերը: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ` 4-րդ յարկ, կամ հեռաձայնել 01/265359 թիւին:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Նորք Մարաշի շրջան, արդիական «տելիւքս» նորակառոյց շէնք, 150 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք, օժտուած` ամէն յարմարութիւններով: Դիմել` հեռ. 04-710964:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր, կահաւորուած: Դիմել` հեռ. 76-181656:
—————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի իր ցուցադրասրահին մէջ կանացի հագուստ վաճառող օրիորդի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442:
—————————————————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Ազգային մը իր թոռնիկներուն` Կապրիէլլայի, Կրէյսի, Լենայի եւ Սոֆիայի յաջողութիւններուն առիթով կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլարով: