ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Էօժենի Այնթէպլեան
Տէր եւ տիկին Խորէն Այնթէպլեան եւ զաւակունք
Տիար Կարպիս Չոլաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հաննա Մահրուք եւ զաւակունք
Նուէր եւ Եփրաքսի Այնթէպլեաններ
Տիար Աւետիս Այնթէպլեան եւ զաւակունք
Տիար Զատիկ Այնթէպլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Այնթէպլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Գըրմզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Քիրիթլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիրան Ահարոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Գոզանեան եւ զաւակունք
Տիկին Փրլանթ Մարտոյեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զաւէն Տէր Պետրոսեան եւ զաւակունք
Այնթէպլեան եւ Չոլաքեան ընտանիքներ
Գըրմզեան եւ Քիրիթլեան ընտանիքներ
Մահրուք եւ Ահարոնեան ընտանիքներ
Գոզանեան եւ Մարտոյեան ընտանիքներ
Տէր Պետրոսեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅՈՎՍԷՓ ԱՒԵՏԻՍ ԱՅՆԹԷՊԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1936-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2015-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 11 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ծովակ Մկրտիչեան եւ զաւակը` Քրիսթիան
Տէր եւ տիկին Ղազար Մկրտիչեան
Տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Կրէյս Էլմայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Դրօ եւ Լիզա Մանտալեան եւ զաւակունք
Գնդ. Գրիգոր Արապաղեան եւ զաւակունք
Տիկին Տիգրանուհի Աւետիքեան
Պատոլեան եւ Թադէոսեան ընտանիքներ
Մոմճեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքներ
Արապաղեան եւ Աւետիքեան ընտանիքներ
Թապշի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր եւ հարազատին`
ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի
(Ծնեալ` 1986-ին, Պէյրութ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 5:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին ուրբաթ, 11 եւ շաբաթ, 12 սեպտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
- ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի սաներուն ֆոնտին:
—————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ նախկին վարչականին`
ՍՈՆԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱՊՈՒՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2015-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
—————————————————————————-
100-ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարի |
75-ամեակ Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան |
ՎԵՐՋԻՆ ՇԱԲԱԹ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ
Նահատակ Սամուէլ Մարգարեանի յիշատակին
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 11 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային տան մէջ:
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Նահատակ Պօղոս Անտէկեանի յիշատակին
Հովանաւորութեամբ`
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձան-համալիրին կողքին:
Ելոյթ կ՛ունենան հայրենի սիրուած երգիչ Հայկ Մխոյեան եւ Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Աւարտին կը հնչէ Մուսա լերան աւանդական Թմբուկ-զուռնան:
Պատգամ` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
Միաժամանակ տեղի կ՛ունենայ մատաղի պատրաստութիւն` կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին` յուշարձան-համալիրին մէջ:
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 18 ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ
ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ,
ՈՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԷ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔՆ ՈՒ ՄԱՏԱՂԻ ՑՐՈՒՈՒՄԸ
Նահատակ Աբրահամ Սեւուկեանի (Սէքլէմեան) յիշատակին
կազմակերպութեամբ` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին:
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ:
Ծանօթ: 14 եւ 16 սեպտեմբերին մուսալեռցի ուխտաւորներ Այնճարէն կը մեկնին Հայաստան` մասնակցելու համար հերոսամարտի 100-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններուն:
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ-ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
—————————————————————————-
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակի եւ
Այնճարի Հիմնադրութեան 75-ամեակի առիթով
Ս. Պատարագ, Հոգեհանգիստ եւ Մատաղօրհնէք
Նախագահութեամբ`
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պատարագիչ`
Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի 13 սեպտեմբեր 2015-ին
Ս. պատարագ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Հոգեհանգիստ` Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին` ժամը 11:30-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 12:00-ին
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Այնճար
—————————————————————————-
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԹԱՓՕՐ,
ԱՆԴԱՍՏԱՆ ԵՒ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ`
ՆՈՐ ՄԱՐԱՇԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կու գանք յայտարարելու, թէ Ս. Խաչի տօնին առիթով կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ աւանդական մեծահանդէս թափօր եւ անդաստան:
Արարողութեան պիտի նախագահէ եւ պատգամ փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն`
ԳԵՐՇ. Տ. ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԵՊՍ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————————————————
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Առ ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, որ ամէն առաւօտ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-էն սկսեալ: Իսկ շաբաթ երեկոյեան Կիրակմուտքի ժամերգութիւն` ժամը 5:00-ին:
Ժամերգութիւնները պիտի կատարէ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ`
ԱՐԺ. Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԸԼԸՆՃԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու սոյն ժամերգութեանց, աղօթքով զօրանալու եւ փառաւորելու զԱստուած:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————————————————-
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ
(Պուրճ Համուտ)
ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՌԵՀԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Յաւարտ Ս. պատարագին, տեղի պիտի ունենայ թափօր Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇԸ
ԻՄԱՄ ՊԱՅԸԼՏԸ
+ ԵՂԻՆՁ
Գին` 15.000 լիբ. ոսկի
Հեռ. 01-240214
—————————————————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ը ուրախ է յայտարարելու, թէ 2015-2016 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ համալսարանական ֆոնտի յատկացումները:
Ա.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս «Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ին կրնան դիմել բոլոր հայ համալսարանականները` առաջին տարիէն սկսեալ:
Բ.- Իւրաքանչիւր ուսանող երկու յաջորդական տարիներ միայն կրնայ օգտուիլ:
Գ. Ուսանողները դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն` երկուշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ:
Դ.- Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է մինչեւ 2 նոյեմբեր 2015:
Ե.- Այս տարեշրջանին իւրաքանչիւր ուսանողի համար պիտի յատկացուի 1.200.000 լ. ո.:
«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՖՈՆՏ»
—————————————————————————-
—————————————————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Նոր Սիս, Պուրճ Համուտ, հեռ. 01/261115
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ա.- 2015-2016 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են եւ կը շարունակուին ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-12:00:
Բ.- Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ իխրաժ քայտ, նախորդ տարուան վիճակացոյցը եւ փոխանցման գիր` վաւերացուած կրթական նախարարութենէն:
Գ. Վերաքննութիւնները տեղի կ՛ունենան հինգշաբթի, 10 եւ ուրբաթ, 11 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015` նախակրթարան եւ ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2015` մանկապարտէզ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հեռ. 01/261622
ա.- 2015/2016 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8:30-էն 13:00, բացի շաբաթ օրերէն:
բ.- Նորեկ աշակերտներէն կը պահանջուի նոր «իխրաժ քայտ», վերջին տարուան վիճակացոյցը, «իֆատէ»` նախորդ վարժարանէն, վաւերացուած կրթութեան նախարարութենէն:
գ.- Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ`
Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ին, նախակրթարան:
Հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015-ին, մանկապարտէզ:
դ.- Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել քարտուղարութեան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
—————————————————————————-
Ս. ԱԳՆԷՍ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հեռ. 01261139
2015-2016 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսան են երեքշաբթի, 1 սեպտեմբերէն մինչեւ 1 հոկտեմբեր 2015, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:
Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ բերել.
Նախորդ դպրոցի վիճակացոյցը եւ փոխանցագիրը` վաւերացուած պետութենէն:
Անձնաթուղթի կամ «Իխրաճ քայտ»-ի լուսապատճէն
3 լուսանկար եւ պատուաստի տետրակի լուսապատճէն (մանկապարտէզի աշակերտներուն համար)
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Երեքշաբթի, 15 սեպտեմբեր Իններորդ դասարան (Պրէօվէ)
Երկուշաբթի, 28 հոկտեմբեր Նախակրթարան եւ Միջնակարգ (Առաջինէն մինչեւ 8-րդ)
Հինգշաբթի, 1 հոկտեմբեր Մանկապարտէզ
Բարի վերամուտ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԱԳՆԷՍ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
—————————————————————————-
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ԱՅՆՃԱՐ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2015-2016 տարեշրջանը Տէրը կամի կը սկսի ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ձեւով.
– Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերէն երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր առաւօտեան ժամը 9:00-12:00` ցերեկօթիկ աշակերտներ:
– Երեքշաբթի, 22 եւ չորեքշաբթի, 23 սեպեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00` գիշերօթիկ աշակերտներ:
Բարի վերամուտ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կարիքը ունի երիտասարդ պաշտօնեայի մը` ստանձնելու համար վարորդի, գրասենեկային աշխատանքի եւ ցրուիչի գործերը: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ` 4-րդ յարկ, կամ հեռաձայնել 01/265359 թիւին:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Նորք Մարաշի շրջան, արդիական «տելիւքս» նորակառոյց շէնք, 150 քառ. մեթր, 5-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք, օժտուած` ամէն յարմարութիւններով: Դիմել` հեռ. 04-710964:
—————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պէյթ Շաարի շրջան, 3 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ, 3 բաղնիք, Ա. յարկ, գեղատեսիլ դիրք, կառատուն + վերելակ + մթերանոց: Դիմել` հեռ. 03-515105:
—————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, քաղաքապետարանի շէնքեր, կահաւորուած: Դիմել` հեռ. 76-181656:
—————————————————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Ազգային մը իր թոռնիկներուն` Կապրիէլայի, Կրէյսի, Լենայի եւ Սոֆիայի յաջողութեանց առիթով 100$ կը նուիրէ «Թռչնոց բոյն»-ին: