ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Խաչիկ Տէտէեան եւ դուստրը` Հերա
Տէր եւ տիկին Մայքըլ Էլլիս եւ Փաթիլ Տէտէեան-Էլլիս
Տէր եւ տիկին Հրակ եւ Գարէն Տէտէեան
Տիկին Սիւզի Գապաքեան եւ զաւակը` Վահագն
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Թամար Հաշէօլեան եւ զաւակները` Վարդգէս եւ Վահագն
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Թամար Գապաքեան եւ զաւակները` Կարէն եւ Ալիք
Տէր եւ տիկին Շիրազ եւ Մարալ Տէտէեան եւ զաւակները` Գօգօ եւ Կալի
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Սիլվա Գապաքեան եւ զաւակները` Անի եւ Լիզա
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Զարդուկ Գապաքեան
Տիկին Լուսիկ Տէտէեան եւ զաւակները` Արմէն եւ Շահան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սիլվա Քիրէճեան եւ զաւակը` Քրիստ
Տէտէեան եւ Գապաքեան ընտանիքներ
Պօյաճեան եւ Պեհեսնիլեան ընտանիքներ
Թահմազեան եւ Կրեկորեա ընտանիքներ
Մկրտիչեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, աղջկան, քրոջ եւ հարազատին`
ԻՐՄԱ ԳԱՊԱՔԵԱՆ-ՏԷՏԷԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1968-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 21 դեկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Թորոնթօ):
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ննջեցեալի հարազատները ցաւակցութիւն կ՛ընդունին «Յովնանեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ցաւակցութեան համար կարելի է կապ հաստատել e-mail: khatchigdedeyan@yahoo.com
Հանցուգեալին յիշատակը յարգողներէն կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի «Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ֆոնտ»-ին կամ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ:
————————————–
ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
«ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ՊԻՏԻ ԲԵՐՈՒԻ
ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՄԱՍՈՒՆՔԸ
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին եւ մարտիրոսին` Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին առիթով կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2024-ին, կաթողիկոսանիստ մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ,
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
(«Կիլիկիա» Մատենադարանի տեսուչ)
Այս առիթով «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս պիտի բերուի Սուրբ Ստեփանոսի սրբազան մասունքը, որով վեհափառ հայրապետը պիտի օրհնէ դպրեվանքի սարկաւագաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը:
Սուրբ պատարագի աւարտին, սարկաւագաց տօնին առիթով, դպրեվանքի սարկաւագները գեղարուեստական հակիրճ յայտագիր մը պիտի ներկայացնեն վեհարանի դահլիճին մէջ, ապա վեհափառ հայրապետը պիտի ուղղէ իր պատգամը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Ս. պատարագին, հաղորդուելու Ս. Ստեփանոսի տօնի խորհուրդով եւ աղօթակից դառնալու դպրեվանքի եւ հայ եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասուն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2024-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Յընթացս Ս. պատարագին պիտի կատարուի սարկաւագաց ձեռնադրութիւն
Ձեռամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Ուրախութեամբ կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը մասնակցելու սարկաւագաց ձեռնադրութեան, աղօթելու նուիրեալ սարկաւագներուն առաքելութեան համար եւ հաղորդուելու տօնին խորհուրդով:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ