ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2024-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Յընթացս Ս. պատարագին պիտի կատարուի սարկաւագաց ձեռնադրութիւն
Ձեռամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Ուրախութեամբ կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը մասնակցելու սարկաւագաց ձեռնադրութեան, աղօթելու նուիրեալ սարկաւագներուն առաքելութեան համար եւ հաղորդուելու տօնին խորհուրդով:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ մահուան 4-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 դեկտեմբեր 2024-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: