ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Գրիգոր Գայայեան
Տիկին Մարի Քիւրքճեան
Օրդ. Երջան Գայայեան
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Հայկուհի Գայայեան
Տէր եւ տիկին Արթօ եւ Լիաննա Քիւրքճեան եւ զաւակը` Հրայր
Նարէ եւ Հրանդ Քիւրքճեաններ
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Անի Մանուկեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Լուսիկ Բրուտեան եւ զաւակը` Ժաննի
Տէր եւ տիկին Արթիւր եւ Կարին Գայայեան եւ զաւակը` Վահէ
Տէր եւ տիկին Հրաչ Գոնտուրուճեան
Գայայեան եւ Քիւրքճեան ընտանիքներ
Խաճառեան եւ Գոնտուրուճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՐՈՒՍԵԱԿ ԳԱՅԱՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Դամասկոս, 1924-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 22 յուլիս 2016-ին, գիշերուան ժամը 11:00-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ, 23 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը` Սիուֆի, 3-րդ յարկ:
—————————————————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Սիւլիւքճեան եւ Թոնդեան ընտանիքներ եւ համայն ազգականներ այսու կու գան շնորհակալութիւն յայտնելու`
– Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեանին` պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց,
– Արհիապատիւ տէր Գէորգ եպս. Ասատուրեանին` պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ,
– Քաղաքի Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցիներու ժողովրդապետութիւններուն եւ հոգեւոր հովիւներուն,
– Նախկին եւ ներկայ պետական նախարարներու եւ երեսփոխաններու, ի մասնաւորի` Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին,
– Համազգայինի մեծ ընտանիքին (մասնաւորաբար` Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան),
– Պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու,
Եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ, ելեկտրոնային միջոցներով, նուիրատուութեամբ կամ ծաղկեպսակով ցաւակցութիւն յայտնեցին իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին` ԱԼԻՍ ԹՈՓԱԼԵԱՆ-ՍԻՒԼԻՒՔՃԵԱՆի մահուան առիթով:
—————————————————————————
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ-ՀՈԳԵՒՈՐ
ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ
Կազմակերպութեամբ` Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ
Աղքատախնամ մարմինին
Վայր` Արեւմտեան Պեքաայի քրիստոնեայ գիւղեր եւ եկեղեցիներ
– Ամիք, Խըրպըթ Անաֆար, Սաղպին, Այթանիթ, Լիթանիի ամբարտակ եւ ապա Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցի եւ Օմայատներու պատմական բերդը:
– Կէսօրուան ճաշ` ճաշարան «Արեւ»:
– Քըֆրայայի գինիի գործարան, համտեսում գինիի տեսակներու: Շոգեկառքով պտոյտ այգիներուն մէջ` փափաքողներուն համար:
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 15 օգոստոս 2016-ին:
Մեկնում` առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցիէն:
Մասնակցութեան սակ` 40 ամ. տոլար: Նախաճաշը + փոխադրածախսը + կէսօրուան ճաշը ներառեալ:
Մանրամասնութեանց եւ տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել 03-856325, 76-697778, 01-449926, 01-266414 թիւերուն:
—————————————————————————
REQUIRED
Required Administrative secretary with good command of English/Arabic and computer. Minimum 3 years of experience.
Send CV to.- hr1@ohanian.com
Phone: 03-816189
—————————————————————————
REQUIRED
Air Conditioning Company requires Salesmen/Saleswomen minimum 5 years of experience
Preferably with Engineering background
Send CV: hr1@ohanian.com
Phone: 03-852126 or 03095152
—————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
PRINTKOM ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration/Accounting մասնագիտութիւնը աւարտած օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ուղարկել` e-mail: kanekour@dm.net.lb
—————————————————————————-
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Կը ստանձնենք հաստատութիւններու հաշուեկշիռի պատրաստութիւնը եւ ներկայացումը ելեւմուտքի նախարարութեան: Հեռ. 03-989630: